Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցան ծանրաբարձութեան Եւրոպայի երիտասարդներու եւ պատանիներու ախոյեանութիւնները:
Պատանեկան (20 տարեկանէն վար) մրցումներուն, Հայաստանի ծանրամարտի պատանեկան հաւաքականի անդամ 89 քկ կշիռի Վալերիկ Մովսիսեան պրոնզէ մետալ շահեցաւ` երկամարտին 339 քկ արդիւնք ձեռք ձգելով:
Արաշէի մրցումին, Մովսիսեան երկու անգամ յաջողեցաւ բարձրացնել 150 քկ, ապա 155 քկ կշռող ծանրաձողը: Ան այս արդիւնքով փոքր արծաթ մետալ շահեցաւ: Ան էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 184 քկ կրցաւ բարձրացնել եւ ընդհանուր հաշիւով գրաւեց երրորդ դիրքը` ստանալով պրոնզէ մետալ:
Աւելի կանուխ, Հայաստանի պատանեկան հաւաքականի անդամ, 81 քկ կշիռի Նարեկ Մկրտչեան երկամարտի 341 քկ արդիւնքով դարձաւ 20 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեան: Արաշէի մրցումին, Մկրտչեան 150 քկ կրցած էր բարձրացնել` շահելով փոքր պրոնզէ մետալ: Էփոլէ-ժըթէի մրցումին, ան կրցաւ 191 քկ բարձրացնելով շահիլ փոքր ոսկի մետալ եւ երկու կշիռներու հաշուով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
76 քկ կշիռի աղջկանց մրցումներուն, Աննա Ամրոյեան երկամարտի 228 քկ կշիռի արդիւնքով դարձաւ Եւրոպայի պատանիներու ախոյեան: Արաշէի մրցումին, Աննա Ամրոյեան 100 քկ կրցած էր բարձրացնել` շահելով փոքր պրոնզէ մետալ, իսկ էփոլէ-ժըթէի մրցումին ան 128 քկ բարձրացնելով շահեցաւ փոքր ոսկի մետալ, ինչպէս նաեւ երկու կշիռներու հաշուով դարձաւ ոսկի մետալակիր:
Երիտասարդներու 81 քկ կշիռի մրցումներուն, Կարէն Մարգարեան երկամարտի 333 քկ արդիւնքով պրոնզէ մետալ շահեցաւ 23 տարեկանէն վար մրցումներուն:
20 տարեկանէն վար ախոյեանի կոչում ստացած էին նաեւ Ալեքսանտրա Գրիգորեան (55 քկ) եւ Ժորա Գրիգորեան (55 քկ): Պատանիներու 61 քկ կշիռի հայ ներկայացուցիչ Ռաֆիկ Մինասեան դարձած էր արծաթէ մետալակիր:
23 տարեկանէն վար երիտասարդներու ախոյեան դարձած էին նաեւ Գառնիկ Չոլաքեան (61 քկ) եւ Գոռ Սահակեան (73 քկ):