Պուտվայի (Մոնթենեկրօ) մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան, Հայաստանը ներկայացնող արցախցի Էրիք Առստամեան քառորդ աւարտականին յաղթեց ազրպէյճանցի մրցակիցին եւ ապահովեց առնուազն պրոնզէ մետալ մը: 1/8-րդ հանգրուանին թուրք մրցակիցը դուրս ձգած Առստամեան առաջին ռաունտին կէտերով ետ կը մնար Նասիպովէն, բայց 2-րդ եւ 3-րդ ռաունտերուն հայ մարտիկը մրցակիցին ստիպեց պարտուած դուրս գալ ռինկէն:
Շատ լաւ յաղթանակ մը կերտեց նաեւ 60 քկ կշիռի Անդրանիկ Մարտիրոսեան, որ յամառ պայքարով յաղթեց ալպանացի Ատամ Մաքալին:
Ուրեմն Էրիք Առստամեան եւ Անդրանիկ Մարտիրոսեան կիսաւարտական հանգրուան հասած են եւ առնուազն պրոնզ մետալ պիտի ստանան: Աւելի կանուխ, 63.5 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Ռաֆայէլ Ներսիսեան շահած էր պրոնզ մետալ մը: