ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ֆութպոլի բաժակին գծով, 1/16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պայեր Լեւերքուզըն 3-0 արդիւնքով յաղթեց Էլվերսպերկին: Փաթրիք Շիք (2) եւ Ալեքս Կարսիա նշանակեցին Լեւերքուզընի կոլերը: Ռետ Պուլ Լայփցիկ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Զանքթ Փաուլին: Փուլսեն (2), Պաումկարթնըր եւ Նուսա նշանակեցին Լայփցիկի կոլերը: Աուկզպուրկ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շալքէ 04-ը: Տորթմունտ երկարաձգման 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Վոլֆսպուրկի դաշտին վրայ: Շթութկարթ 2-1 արդիւնքով դուրս ձգեց Քայզըրսլաութըրնը: Քէօլն 3-0 արդիւնքով դուրս ձգեց Հոլշթին Քիլը, իսկ Քարլզրուհէ` Օֆենպախը, 2-0 արդիւնքով:
ԱՒՍՏՐԻԱԿԱՆ յայտնի «Ռետ Պուլ» ընկերութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ իտալական Թորինօ ակումբը «գնելու» գծով:
Թորինօ ակումբի նախագահ Ուրպանօ Քայրօ քանի մը հանդիպում ունեցած է «Ռետ Պուլ»-ի ներկայացուցիչներուն հետ: Թորինօ 14 կէտ ունի եւ կը գրաւէ ախոյեանութեան դասաւորման 9-րդ դիրքը:
ԻՏԱԼԻՈՅ ախոյեանութեան` «Սերի Ա.»-ի անցեալ տարուան ախոյեան Ինթեր Միլան շարք մը ֆութպոլիստներու պայմանագրութիւններուն մէջ փոփոխութիւններ կատարած է: Ինթեր, որ շարք մը ֆութպոլիստներու պայմանագրութիւնը երկարաձգած էր վերջերս, որոնց կարգին` հայազգի Հենրիխ Մխիթարեանի պայմանագիրը, երէկ յայտնեց, թէ Աչերպիի, Տարմեանի եւ Մխիթարեանի պայմանագրութիւններուն մէջ աւելցած է կէտ մը, թէ անոնք կրնան լքել խումբը, եթէ փոխանցումի յարմար առաջարկ ստանան, պայմանով որ պայմանագիրի խզման պարագային ֆութպոլիստները յաւելեալ վճարում պիտի ստանան:
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ յառաջապահ Արտա Կիւլեր կրնայ իր ասպարէզը շարունակել «Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ: Լիվըրփուլ հետաքրքրուած է 19 տարեկան Կիւլերով: Ակումբը պատրաստ է 70 միլիոն եւրօ վճարել Ռէալին` ձեռք ձգելու համար զայն: Կիւլեր կրնայ փոխարինել եգիպտացի Մոհամետ Սալահը, որ շատ հաւանաբար լքէ Լիվըրփուլը յառաջիկայ ամառ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ Նասր ակումբը կը մտածէ ձեռք ձգել ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպան: Փոկպա, որ այժմ կախակայուած է, մինչեւ մարտ 2025 առիթ չունի խաղալու ֆութպոլ, արդէն իսկ Եուվենթուսի հետ իր կապերն ալ խզուած են: Նախապէս Մարսէյ եւ Լոս Անճելըս ակումբները կը ցանկային միացնել Փոկպան:
Մնալով Նասր ակումբին հետ, փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ առաջին անգամ ըլլալով Նասրի հետ փենալթի մը ձախողեցաւ իր նպատակին հասցնել` պատճառ դառնալով, որ իր ակումբը դուրս մնայ Սէուտական Արաբիոյ բաժակի մրցաշարքէն: Թաաուոն ակումբը 1-0 արդիւնքով կը յաղթէր, երբ 96-րդ վայրկեանին Ռոնալտոյին առիթ տրուեցաւ փենալթիով հաւասարելու:


