Թիրանայի (Ալպանիա) մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան խմբային դասաւորման մէջ Հայաստանի հաւաքականը գրաւեց 3-րդ դիրքը:
Հաւաքականի անդամ Կարէն Ասլանեան 63 քկ կշիռի մրցումներուն պրոնզէ մետալ շահած էր Պուլկարիոյ Ապու Մուսլիմ Ամայեւին յաղթելէ ետք 10-0 արդիւնքով, 30 երկվայրկեանի ընթացքին:
Ասիկա Կարէն Ասլանեանի առաջին մետալն էր 23 տարեկաններու մրցումներուն: 72 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Հայկ Մելիքեան մօտ էր մետալ նուաճելու: Անոր մրցումը` սերպ Ալի Ֆէյզոլահ Արսալանի դէմ, եղաւ ծայր աստիճան հետաքրքրական, եւ բուռն պայքարէ ետք սերպ մրցակիցը կրցաւ յաղթել 14-16 արդիւնքով:
Մելիքեան զտումի մրցումներուն 8-0 արդիւնքով յաղթած էր Ղազախստանի ներկայացուցիչ Մեիրժան Շերմախանպետին: Մելիքեան 1/4-րդ աւարտականին 2-10 արդիւնքով պարտուած էր ֆրանսացի Իպրահիմ Մահմուտ Հասան Ղանեմէն, որ հասած էր աւարտական: Հայ մարզիկը պրոնզէ մետալի համար պայքարելու կարելիութիւն ունէր:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ Մանուէլ Խաչատրեան 55 քկ կշիռի մրցումներուն հասած էր պրոնզէ մետալի մրցումի, սակայն պարտուած էր ռուս Էմին Սեֆերշայեւէն` 5-7 արդիւնքով:
Մանուէլ Խաչատրեան աւելի կանուխ դուրս ձգած էր թուրք Օմար Հալիս Ռեչեպը (7-4), ապա 1-1 արդիւնքով հաւասար աւարտած էր իրանցի Պոյա Տատ Մարզին հետ: Վերջինս չնչին առաւելութեամբ հասած էր կիսաւարտական:
Թիրանայի մէջ, ազատ ոճի ըմբիշները մինչեւ 23 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն մետալներու մրցումներուն ձախողեցան հասնիլ:


