1994-ին աշխարհի ռալիներու ախոյեան դարձած ֆրանսացի Տիտիէ Օրիոլ պիտի վերադառնայ ռալիներու աշխարհ:
66 տարեկան Օրիոլ պիտի մասնակցի այս տարուան վերջին ռալիին` Ճափոնի մէջ, յառաջիկայ ամիս, առաջին անգամ մասնակցելով 2005-էն ի վեր:
Օրիոլ իր կողքին պիտի ունենայ օգնական Տենի Ժիրոտէն` «Թոյոթա Ճի. Ար. Եարիս»-ով մասնակցելու այս մրցումին:
Օրիոլ 1994-ի ախոյեան դարձած էր «Թոյոթա Սելիքա»-ով` դառնալով առաջին ֆրանսացին, որ ռալիներու ախոյեան կը դառնար: