Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա յայտարարեց, որ Անգարայի մէջ անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող ընկերութեան մը կեդրոնատեղիին վրայ ահաբեկչական յարձակումի պատճառով արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Թուսաշ» ընկերութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած է ուժեղ պայթում մը, որմէ ետք շրջանին մէջ կրակոց արձակուած է:


