«Երբ Իսրայէլը Իրանին հարուածէ, բոլորը պիտի հասկնան, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչի՛ համար մեր երկրի օդուժի անդամները մարզուած են»: «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կը հաղորդէ, որ այս մասին իսրայէլեան օդուժի «Հացերիմ» ռազմակայանին մէջ օդաչուներուն եւ միւս զինուորներուն հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ:
«Բոլոր անոնք, որոնք մէկ տարի առաջ կ՛երազէին մեզի յաղթել եւ մեր վրայ յարձակիլ, սուղ գին վճարեցին եւ այլեւս այդ երազին մէջ չեն», աւելցուցած է ան:


