Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Համաս շարժումը կ՛ոտնահարէ Կազայի զինադադարի համաձայնութիւնը, եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարներուն հետ պիտի քննարկեմ խախտումներուն դիմակայման հարցը»:
«Համաս յանձնեց դիակը յաւելեալ գերիի մը, որ սպաննուած էր, եւ իսրայէլեան ուժերը իրապէս անոր դիակը գտան», ըսաւ ան:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ հաղորդած էր, թէ իսրայէլացի պաշտօնատար մը յայտնած է. «Համասի` դիակները վերադարձնելու համաձայնութիւնը խախտելուն նկատմամբ քայլեր պիտի որդեգրենք»:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած էր, թէ Համասի երկուշաբթի յանձնած դիակը մնացեալ գերիներէն մէկունը չէ: «Կը խօսուի դիակի մասին իսրայէլացիի մը, որ նախապէս սպաննուած եւ գերեվարուած է Կազայի մէջ, եւ իրողապէս թաղուեցաւ Իսրայէլի մէջ», կը նշէ ձայնասփիւռի կայանը:
Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ Նեթանիահուին կոչ ուղղեց` «ապահովական սեղմ խորհուրդի ժողով գումարելու` քննարկելու համար Համասի կողմէ համաձայնութեան խախտումը»:
Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր իր կարգին նշեց. «Համասի խաղերու շարունակումն ու սպաննուած գերիներու դիակները անմիջապէս չյանձնելը ապացոյց է, որ տակաւին կանգուն կը մնայ»:


