Խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման համար Հայաստանի մէջ պէտք է հանրաքուէ կատարուի: Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Զիյաֆեթ Ասքերով:
«Մենք համաձայնագիր կը կնքենք ոչ թէ Փաշինեանի, այլ հայկական պետութեան հետ: Այս համաձայնագիրի թիկունքին պէտք է կանգնի հայ ժողովուրդի քաղաքական կարծիքը», աւելցուցած է Ասքերով:
Օրեր առաջ Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով եւս յայտարարած էր, որ Ազրպէյճան կ՛ուզէ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել ոչ թէ վարչապետ Փաշինեանի, այլ Հայաստանի հետ: