Խրուաթիոյ Փորեչ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ վեթերաններու ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականը 2 ոսկի եւ 1 արծաթ մետալ շահեցան:
Ախոյեաններ դարձան յունահռոմէական ոճի ըմբիշներ Սասուն Ղամբարեան եւ Վահրամ Խաչատրեան:
Ազատ ոճի ըմբշամարտիկ Ազատ Շերոյեան, որ հասած էր աւարտական, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով չմասնակցեցաւ աւարտական մրցումին եւ դարձաւ փոխախոյեան:


