Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի 22 տարեկանէն վար երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Էլիտա Քոչարեան արդէն իսկ ապահովեց մետալ մը` հասնելով կիսաւարտականին:
Արդարեւ, այս մրցաշարքի գործուն ախոյեան Էլիտա Քոչարեան քառորդ աւարտականի իր մրցումին պարտութեան մատնեց Լանա Պոլքվածէն եւ հասաւ կիսաւարտական` առնուազն ապահովելով պրոնզ մետալ:
Տղոց մրցումներուն քառորդ աւարտականի հասած են 8 բռնցքամարտիկ:
71 քկ կշիռի մրցումներուն, Նարեկ Զախարեան պարտութեան մատնեց Սլովաք Լատիսլաւ Հորվարթը: 54 քկ կշիռի մրցումներուն, Դաւիթ Եկոտեան տպաւորիչ յաղթանակ մը տարած է թուրք մրցակից Չան Քայայի դէմ մրցումին:


