Հայաստանի ներկայացուցիչ Առնօ Աւետիսեան պրոնզէ մետալ նուաճեց Մոնթէ Քարլոյի մէջ տեղի ունեցած «թենիս Էօրոփ Ժունիոր մասթերզ» մրցաշարքին:
Խմբային փուլին, թենիսի հայ մարզիկը արձանագրեց երկու յաղթանակ եւ երկրորդ դիրքը գրաւելով հասաւ փլէյ օֆ:
Երրորդ դիրքի մրցումին, Աւետիսեան 1-6, 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ուքրանացի Վլատիսլաւ Պոհոմոլքինը եւ նուաճեց պրոնզէ մետալ:
Այս մրցաշարքին մասնակցեցան 2026-ի Եւրոպայի մինչեւ 16 տարեկան բարձրագոյն դիրքերը գրաւող լաւագոյն 8 թենիսմենները:


