Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուսաղէմի Պատրիարքարանը Կը Շահի Թուրքիոյ Մէջ Իր Հսկայական Կալուածներուն Վերատիրանալու Դատը

Հոկտեմբեր 11, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

2019 թուականին յօդուած մը գրած էի Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին կողմէ 2012 թուականին Թուրքիոյ մէջ բացուած դատին կարգավիճակին մասին` տասնամեակներ առաջ իր բռնագրաւուած հազարէ աւելի կալուածներուն վերատիրանալու վերաբերող:

12 տարի շարունակ Թուրքիոյ մէջ տարբեր դատարաններու դիմելէ ետք պատրիարքարանը վերջապէս մեծ յաղթանակ տարաւ նախորդ շաբաթ:

Իշխան Էրտինչ այս լաւ լուրը հրապարակեց 4 հոկտեմբեր 2024-ին Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթին մէջ` «Կարեւոր զարգացում Թուրքիոյ մէջ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան կալուածներուն վերաբերեալ. «Մարյակոբ» (Ս. Յակոբ) հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամը ձեռք կը բերէ իրաւաբանական անձի կարգավիճակ» խորագիրը կրող յօդուածով: «Մարյակոբ» ըսելով` ան նկատի ունի Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբ հայոց պատրիարքարանը:

Թուրքիոյ Հիմնադրամներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը (GDF) 1973 թուականին բռնագրաւած էր Երուսաղէմի պատրիարքարանի կալուածները` Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ ստեղծուած «Մարյակոբ»  հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամը ներկայացնելով իբրեւ այլեւս չգործող:

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի 2012 թուականի դատը ի սկզբանէ մերժուած էր թէ՛ Անգարայի ստորին ատեանին եւ թէ՛ վերաքննիչ դատարանին կողմէ: Այնուհետեւ պատրիարքը դիմեց Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան` երկրի բարձրագոյն դատարան, որ որոշեց, թէ ստորին ատեանի դատարանը խախտած էր Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին իրաւունքները: Ստորին դատարանը այնուհետեւ չեղեալ յայտարարեց հայոց պատրիարքարանի կալուածներու սառեցուած կարգավիճակը:

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի թուրք փաստաբան Ալի Էլպէյօղլուն «Ակօս» թերթին յայտնեց, որ պատրիարքարանը այժմ երկու ընտրանք ունի` կա՛մ Թուրքիոյ քաղաքացի մը կը նշանակէ իբրեւ իր ներկայացուցիչը Թուրքիոյ մէջ` իր կալուածներուն տնօրինելու համար, ինչպէս էր պարագան մինչեւ անոնց բռնագրաւումը, եւ կա՛մ ալ անոնք պիտի կառավարուին Երուսաղէմէն:

Տարիներու ընթացքին Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի բռնագրաւուած կալուածներուն մեծ մասը վաճառուած է երրորդ անձերու` առանց պատրիարքարանին որեւէ փոխհատուցում վճարելու:

Պատրիարք Մանուկեան այս տարիներուն ընթացքին երբեք հրապարակային յայտարարութիւն չէ կատարած Թուրքիոյ մէջ իր բացած դատին մասին: Լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւնները միայն կը վերաբերէին անյայտ պատճառներով Պոլիս տրուած անոր բազմաթիւ այցելութիւններուն: Թէեւ փաստաբան Էլպէյօղլուն «Ակօս»-ին ըսաւ, որ Երուսաղէմի պատրիարքարանը 100-է աւելի կալուածներ ունի Թուրքիոյ մէջ, բայց եւ այնպէս,  պատրիարք Մանուկեան 2019-ին ինծի տուած յատուկ հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ պատրիարքարանը 1200 կալուած ունեցած է միայն Պոլսոյ մէջ, իսկ քանի մը տասնեակ ալ` ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին: Պատրիարքը նաեւ ինծի տեղեկացուց, որ նախապէս Պոլսոյ մաս կազմող Եալովայի մէջ Երուսաղէմի պատրիարքարանին պատկանող շատ մեծ եւ արժէքաւոր կալուած մը պոլսահայու մը կողմէ 1950-ականներուն վաճառուած է թուրքի մը, եւ այնուհետեւ ծախողը փախուստ տուած է Միացեալ Նահանգներ: Պատրիարքը ըսաւ, որ հետամուտ է դատ բանալու այս պոլսահայուն ժառանգորդներուն դէմ:

Փաստաբան Էլպէյօղլուն նախորդ շաբաթ «Ակօս»-ին ըսաւ, որ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին կը պատկանի «Կուզքիւնչուք (Պոլսոյ մէջ գտնուող) մեծարժէք առանձնատունը, որուն իրաւունքը հաստատող փաստաթուղթը փոխանցուած է Պոլսոյ քաղաքապետարանին, այնուհետեւ անիկա քանդուած է»: Փաստաբանը նաեւ նշեց, որ` «Հայոց պատրիարքարանի հիմնադրամէն բռնագրաւուած է 21 կալուած Ալթունիզատէի մէջ (Պոլիս), Պոլսոյ նշանաւոր Իսթիքլալ պողոտային մէջ, նաեւ` Ֆաթիհի (Պոլսոյ շրջան) եւ Ատանա քաղաքներուն մէջ»:

Տակաւին յստակ չէ, թէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանը ի՛նչ պիտի ընէ վերատիրացած կալուածներով եւ ի՛նչ փոխհատուցում պիտի ստանայ այն կալուածներուն համար, որոնք վաղուց վաճառուած են երրորդ անձերու:

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին կ՛առաջարկեմ` յառաջացնել յարգարժան հայ անհատներէ բաղկացած միջազգային յանձնաժողով մը, որպէսզի վերահսկէ այս կալուածներուն կառավարման եւ պատրիարքարանին տրուելիք փոխհատուցումներուն: Նկատի ունենալով Իսրայէլի մէջ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի կալուածներու վաճառքին կամ վարձակալութեան շուրջ ծայր առած վէճերը, պատրիարքին ձեռնտու պիտի ըլլայ թափանցիկութիւն ցուցաբերել` գաղտնի գործարարութիւններէ եւ փտածութեան վերաբերող մեղադրանքներէ խուսափելու համար:

Այս կալուածներուն սպասուած վերադարձը շատ դրական զարգացում է, քանի որ թրքական կառավարութիւնը հազուադէպօրէն համաձայնած է հայ սեփականատէրերուն վերադարձնել տասնամեակներ առաջ բռնագրաւուած անոնց կալուածները: 2011 թուականին Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ հայկական, յունական եւ հրէական բարեսիրական հիմնադրամներէն բռնագրաւուած կալուածները կա՛մ անոնց պիտի վերադարձնէ եւ կա՛մ փոխհատուցում պիտի վճարէ կալուածներուն արժէքին համաձայն, եթէ անոնք վաճառուած են երրորդ անձերու:

Այնուամենայնիւ, շարք մը կալուածներ տուեալ փոքրամասնութիւններուն վերադարձուելէ ետք, կառավարութիւնը կասեցուց այս գործընթացը, թէեւ որոշ դատական գործեր տակաւին ընթացքի մէջ են:

Բռնագրաւուած հայկական կարգ մը կալուածներ իրենց հայ սեփականատէրերուն վերադարձնելու Թուրքիոյ քայլերը կը դիտարկեմ իբրեւ իրենց պատմական յանցանքներէն սրբուելու միջոց: Թէեւ մենք պէտք է զգուշանանք թրքական նման խորամանկ խաղերէ, բայց պէտք է նաեւ օգտուինք բոլոր կարելիութիւններէն` վերադարձնելու Ցեղասպանութեան ժամանակ մեր կորսնցուցած տարածքներուն, կալուածներուն եւ այլ ունեցուածքներուն մէկ մասը: Իսկ ինչ որ չենք կրնար վերադարձնել, անոնց համար պէտք  է փոխհատուցում ստանանք:

Այս պատճառով ալ հայ ժողովուրդը երբեք պէտք չէ մոռնայ անցեալի անարդարութիւնները եւ կարելի ամէն բան ընէ, որպէսզի պահպանէ իր կորուստներու յիշողութիւնը, այնքան ատեն որ անհրաժեշտ է: Ոչինչ առյաւէտ կորսուած է: Պատմութիւնը անսպասելի շրջադարձներ պիտի ունենայ, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ ե՛րբ իրավիճակը պիտի փոխուի յօգուտ մեզի: Սակայն, եթէ մենք անձամբ հրաժարինք մեր պահանջներէն, այն ատեն ամէն բան առյաւէտ կը կորսնցնենք:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (10 Հոկտեմբեր 2024)

Յաջորդը

Խաչիկ Թէօլօլեան Եւ Սփիւռքահայութիւնը (Ժ.)

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?