Կիրակի, Սեպտեմբեր 1ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ լիբանանահայ հանրածանօթ աստղ Ատիս Հարմանտեանի հոգեհանգստեան պաշտօնը։ Ներկայ էին հարազատները եւ Ատիսի բարեկամներն ու իր երգերով զիրար սիրած հայրենակիցներ։ Նախորդ օրը, նոյն քաղաքի Armenian Arts (Հայկական արուեստ) պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուած էր Ա. Հարմանտեանի անձնական իրերու եւ նկարչական գործերու ցուցահանդէսը, որ բաց մնաց նաեւ յաջորդ օրը։
Ատիսի, Մանուէլի (Մենենկիչեան), Լ. Գաթրճեանի, Հ. Փուրեանի, Վ. Անթոսեանի եւ ուրիշներու հայ երգերու կատարումները զգալիօրէն հայացուցին Միջին Արեւելքի հայ գաղութները։ Ճիշդ է որ Հայրենիքէն հասած մէկը միւսէն աւելի ինքնատիպ երգերը իրենց հայակերտիչ դերը սկսեր էին կատարել, սակայն վերոյիշեալ մենակատարները իրենց իւրայատուկ ոճն ու երանգը բերին մեր գաղութներէն ներս։ Այսպէս օրինակ, Պէյրութի, Հալէպի, Երուսաղէմի, Պաղտատի եւ այլ հայահոծ մայրաքաղաքներու մէջ աշակերտութիւնը, ուսանողութիւնը եւ ընդհանրապէս երիտասարդութիւնը արեւմտեան եւ եւրոպական երգերուն զուգահեռ արդէն կը լսէին նաեւ հայերէն երգեր՝ բոլորովին տարբեր թրքական ազդեցութեամբ եւ կամ թրքերէն լեզուով հնչող երգերէն (հարսանեկան խրախճանք, նշանտուք եւ այլն)։
Ատիս շատ արագ կերպով կրցաւ ժողովրդականացնել հայրենի սիրուած երգերը, յատկապէս պարզ ու համեստ Յասմիկ Մանասերեանի քնքուշ յօրինումները։ Ատիս նաեւ յաջողութեամբ ընդելուզեց ոչ միայն իտալա-ֆրանսական «շանսոնիէ»ներու առանձնայատկութիւնները, այլեւ մեզմէ շատերուս սիրելի ու կարօտալի լիբանանեան երգերու յատկանիշները։ Այս էր պատճառը, որ ոչ-հայ լիբանանցիներն ալ սիրեցին իր կատարումները։
Ուշադրութեամբ կը հետեւէի պատկերասրահին մէջ տեղադրուած ցուցանմոյշներուն, որոնց մէջ աչքի կը զարնէին Ատիսի անձնական դաշնօնը (ակորտէոն), համերգներու գովազդները, երեւանեան մենահամերգներու ծանուցումներն ու նկարչական գործերը։ Այս ընթացքին միտքս կ՛երթար 55-60 տարի ետ, երբ Լիբանանը կ՛ապրէր իր խաղաղութեան ոսկեդարը, որ աւա՜ղ մեր հարաւի երկրի եւ արեւմտեան կայսերապաշտական ուժերու ագահութեան զոհ գնաց եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ տնքալ ստացած հարուածներուն տակ։ Կարեւորն այն է որ Լիբանանը կա՛յ, թէկուզ վիրաւոր, բայց կայ եւ իր զաւակները տակաւին կարօտով կը սպասեն մեր երիտասարդութեան շրջանի Լիբանանին։ Ատիս այն լիբանանահայերէն էր, որ մինչեւ վերջ մնաց Մայրիներու երկրի կարօտով, ուրախացաւ անոր յաջողութիւններով, ցաւեցաւ դժբախտութիւններով ու երգեց «Լիբանան, Լիբանան» երգը։
Այս խոհերով էի տարուած, երբ պատկերասրահին մէջ յայտարարուեցաւ, թէ խօսք պիտի առնէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք.Խաչերեան։ Սրբազանը, ընդգծելէ ետք Հարմանտեանի հայեցի թարմ շունչին բերած նպաստները, շնորհաւորեց ցուցահանդէսի կազմակերպիչները՝ ըսելով, թէ Ատիսի ժառանգութիւնը կը պատկանի հայ ժողովուրդին եւ իր երեք զաւակներուն հաւասարապէս։ Մինչ սրբազանը իր պատգամը կու տար եւ ներկաները ուշի ուշով կը հետեւէին, հաւանութեան նշաններ ցոյց տալով, ափսոսանքով կը յիշէի ժամ մը առաջ Ատիսի շիրմաքարին… անծաղիկ պատկերը։ Այստեղ էր, որ առաջին անգամ կը հանդիպէի մեխակներով իր հօր շիրիմին այցի եկած մեծ դուստրին՝ Լիանային։ Մենք մեխակներով էինք եկած, որովհետեւ ըստ Լիանային՝ իր հօր սիրած ծաղիկներն էին անոնք։
Սրբազանին ելոյթէն ետք, մինչ կը պատրաստուէին բարձրախօսն ու կազմածները հաւաքել, երբ ես առանց հրաւէրի սպասելու մօտեցայ բեմին եւ խնդրեցի խօսք առնել, որովհետեւ հազիւ թէ ներկաներուն մէջ գտնուէր մէկը, որ զինք ճանչցած ըլլար իր առաջին բեմելէն ետք (1966)․ աւելցնեմ նաեւ որ անցնող տասնամեակներուն քանիցս գրած էի լիբանանահայ այս աստղին մասին։ Ըստ երեւոյթին ոմանք խօսքս հաւներ էին, որովհետեւ շնորհաւորանքներ ստացայ(*)։
Ատիս Հարմանտեանի 5րդ տարելիցին առթիւ ակնարկս կրնար եւ չգրուիլ, եթէ ոչ-հաճելի շշուկներ եւ անբաղձալի արարքներու մասին լուրեր չհասնէին ականջիս…։ Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մխրճուելու (առայժմ), կը փափաքիմ յիշեցնել թէ Ասիսի անձնական թէ մշակութային ժառանգութիւնը նախ հաւասարապէս կը պատկանի իր երեք զաւակներուն՝ որդւոյն՝ Նորայրին, մեծ դստեր՝ Լիանային եւ կրտսեր դստեր՝ Թալինին, ինչպէս որ Գեղամ արք. Խաչերեան արդէն յիշած էր իր ելոյթին մէջ։ Լիբանանի այս առասպելական աստղին ժառանգութիւնը կը պատկանի նաեւ զինք ծնած ժողովուրդին։ Հետեւաբար, ըստ շրջան ընող կարգ մը լուրերու, անձեր կան, որոնք կը փորձեն ձեռնածութիւններու դիմելով տիրանալ մեր սիրուած աստղին ժառանգութեան։ Ոեւէ մէկուն մենաշնորհը չէ (monopoly) Ատիս Հարմանտեանի մշակութային ժառանգութեան տնօրինումը։
Այս առնչութեամբ պէտք կը զգամ ուշադրութեան յանձնել նաեւ հետեւեալը, թէ՝ Ատիսին նուիրուած ձեռնարկներ պէտք է կազմակերպուին զաւակներու միջեւ կայացած համաձայնութեամբ՝ առանց որեւէ մէկ ժառանգի ինքնակոչ նախաձեռնութեան, վասնզի Ատիս ՀԱՒԱՍԱՐԱՊԷՍ կը սիրէր իր երեք զաւակները ամէն մէկը, ըստ իր արժանիքներուն։ Յանուն արդարութեան պարտք կը զգամ աւելցնելու նաեւ թէ՝ ԲՈԼՈՐԻՍ պատկանող Ատիսի մշակութային ժառանգութիւնը, անոր փառքն ու պատիւը վաճառքի առարկայ չի կրնար ըլլալ, այլ անիկա կը ցուցադրուի որեւէ ազգային հաստատութեան մէջ, որպէսզի ապագայ սերունդները ծանօթանան ու ներշնչուին անկէ։ Ատիս Հարմանտեանը անբաժանելի մասը կը կազմէ լիբնանահայ սքանչելի գաղութին, որ երկար ատեն ու մինչեւ օրս տակաւին Սփիւռքին ու հայրենիքին կը հասցնէ մտաւորականներ եւ թարմ արիւն։
Լիայոյս եմ որ զաւակները ի վերջոյ ի մի կու գան եւ համախոհութեամբ ու իրենց հօր համբաւին սիրոյն փոխադարձ յարգանքով, հաւասարէ հաւասար կը կարգաւորեն հարցերը եւ, որպէս Ատիսի հաւասար իրաւունքներ ունեցող զաւակներ, չեն թոյլատրեր որ ոեւէ մէկը ինքզինքին իրաւունք տայ տէր կենալու եւ ըստ կամս վարուելու իրենց հօր ժառանգութեան հետ։ Կը յուսամ թէ ի վերջոյ կը յաղթէ լայնախոհութիւնը եւ կը յարգուի ու կը շարունակուի իրենց հօր վեհ փափաքը՝ ՕԳՏԱԿԱՐ ԸԼԼԱԼ ԶԻՆՔ ԾՆԱԾ, ՍՆԱԾ ԵՒ ԲԱՐՁՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՍՑՈՒՑԱԾ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ։