Ռուսիան չի միջամտեր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի երկկողմանի յարաբերութիւններուն: Այս մասին «Իզվեսթիա»-ին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Անոնք, այսպէս կամ այնպէս, իրենց երկխօսութիւնը կը շարունակեն ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ: Սակայն մնացեալը` երկկողմանի յարաբերութիւնները արդէն մերը չեն, ատիկա անոնց գերիշխան իրաւասութիւնն է», նշած է Փեսքով:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը նշած է, որ Մոսկուան կը շարունակէ երկխօսութիւն վարել թէ՛ Երեւանի, թէ՛ ալ Պաքուի հետ:


