Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Պետիկ Հերկելեան Յետմահու Պարգեւատրուեցաւ Հայրենիքի Մէջ
Հայաստանի Գրողներու միութեան կլոր դահլիճին մէջ 18 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ լիբանանահայ տաղանդաւոր գրող Պետիկ Հերկելեանի (գրական անունով` Պետրոս Հերեան) «Ընտրանի» գիրքին շնորհահանդէսը: Միաժամանակ ներկայացուեցաւ գրողին նուիրուած «Յուշապսակ» գրքոյկը:
Հայաստանի Գրողներու միութիւնը «Յուշապսակ» գրքոյկը հրատարակած է վաղամեռիկ գրողին 70-ամեակին առիթով, որ ամբողջացաւ այս տարի:
«Յուշապսակ»-ը կ՛ամփոփէ Պետիկ Հերկելեանի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն մասին գրողներու, գրականագէտներու, զինք ճանչցողներու, մտերիմներու գրութիւններ, գնահատականներ, յուշեր, իսկ «Ընտրանի» գիրքը Պետիկ Հերկելեանի ստեղծագործութիւններուն գրեթէ ամբողջական ժողովածուն է, որուն նախաձեռնութիւնը կը պատկանի գրականագէտ Ալեքսանդր Թոփչեանին: Ան խմբագրած է գիրքը, գրած է յառաջաբան, որուն մէջ անուանի գրականագէտը տալով Պետիկ Հերկելեանի դիմանկարի ուրուագիծը` նշած է, որ առաջին գիրքէն գրողը գրականութիւն մուտք գործած է գաղափարական, գեղագիտական որոշակի արտայայտուած դաւանանքով, որուն աննահանջ հետեւած է ամբողջ կեանքին մէջ: Ալեքսանդր Թոփչեան այսպէս գնահատած է Պետիկ Հերկելեանի ժառանգութիւնը. «Վաղամեռիկ տաղանդներու մասին երբեմն ցաւով եւ, մեր խորին համոզումով, ոմանք կը գրեն, որ եթէ գոնէ տասը-տասնհինգ տարիով աւելի ապրէին, ապա ինչպիսի՜ հրաշքներ պիտի արարէին: Կարելի է, չենք ժխտեր: Սակայն այդ` թէկուզ անկեղծ արտայայտուած ափսոսանք է, բայց եւ այնպէս կարծես ակամայ ստուեր կը դնէ այն ամէնուն վրայ, որ վաղամեռիկ գրագէտը հասցուցած է ստեղծել իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին: Մենք ուրիշ ձեւով կ՛արտայայտուինք:
Եթէ Պետրոս Հերեան իր երեք ժողովածուէն, մէկ վիպակէն եւ աւարտաճառէն ետք այլեւս ոչինչ գրէր եւ այսօր մեր կողքին գտնուէր, մենք դարձեալ մեր գնահատումի եւ երախտագիտութեան խօսքը կ՛արտայայտէինք այդ թէկուզ ծաւալով ոչ մեծ, բայց արժէքաւոր ժառանգութեան համար»:
Շնորհահանդէսին խօսքեր արտասանողները նշեցին, որ Պետիկ Հերկելեանի գրական ժառանգութիւնը` արձակ եւ չափածոյ գործերը, իրենց ուրոյն տեղը ունին հայ գրականութեան մէջ` թէ՛ իբրեւ գեղարուեստական գործեր, թէ՛ ժամանակի շունչն ու ոգին պատկերող ստեղծագործութիւններ, որոնք սակայն արդիական են միշտ:
Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան նշեց, որ Պետիկ Հերկելեան անուանի չէր Հայաստանի մէջ, եւ բարեբախտաբար ու շնորհիւ վերջին տարիներու քանի մը հրատարակութիւններուն եւ անոնց նուիրուած ձեռնարկներուն` ան արդէն ճանաչում գտած է մայր հայրենիքի մէջ:
2022 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Պետիկ Հերկելեանի ստեղծագործութիւններու գրեթէ ամբողջական ժողովածուն` «Ընտրանի» խորագրով: Է. Միլիտոնեան իր խօսքին մէջ Հերկելեանի բանաստեղծական տաղանդը գնահատելէ բացի` նշեց նաեւ անոր քաղաքական երգիծանքի շնորհքը, որ որոշակիօրէն շարունակած է արեւմտահայ գրականութեան նոյն տեսակի գրողներու գիծը: Գրողներու միութեան նախագահը կարեւոր նկատեց նաեւ խաղարկային, դիպաշարային բանաստեղծութիւն գրելու Պետիկ Հերկելեանի տաղանդը, որուն իբրեւ արդիւնք` ծնած են այդ տեսակի բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ:
Գրող Հենրիկ Էդոյեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ մեր գրականութեան մէջ շատոնց վերացած են արեւմտահայ, սփիւռքահայ, հայրենի գրականութիւն սահմանումները. ըստ Էդոյեանի, կայ մէկ` հայ գրականութիւն, եւ Պետիկ Հերկելեանը հայ գրականութեան վառ ներկայացուցիչներէն է. «Ան իր գրականութեան մէջ որոնած է ճշմարտութիւնը: Եւ յատկանշական է, որ անոր գրածները ամպագոռգոռ չեն, ճառային չեն, որոնցմով, ցաւօք սրտի, լեցուած է մեր գրականութիւնը», հաղորդեց Հենրիկ Էդոյեան:
Գրական այս հանդիպումին խօսք արտասանեց նաեւ գրող Վահան Զանոյեան: Ան նշեց, որ թէեւ իր հայրենակից Պետիկ Հերկելեանը չէ ճանչցած, սակայն անոր գրածները ամբողջական ճանաչում կու տան գրողին մասին, որուն գրականութեան մէջ, Զանոյեանի բնորոշումով, չարչարուած, յոգնած բառեր չկան: Ան նաեւ մատնանշեց այնճարցիի բնորոշ այն լաւագոյն յատկանիշները, որոնք կրած է Պետիկ Հերկելեան, եւ որոնք արտայայտուած են անոր գործերուն տողատակերուն մէջ եւ առանձնացուցած` յատկապէս հողի պաշտամունքը, ըսելով, որ անոր արծարծած տիեզերական, համամարդկային հարցերէն բացի` հողի այդ պաշտամունքը ամէնէն այժմէական գիծն է, որ կայ իր գրականութեան մէջ:
Խօսք արտասանողներէն հրատարակիչ Վան Արեան նշեց, որ ոգեւորութեամբ եւ ափսոսանքով ստանձնած է գիրքին հրատարակութիւնը. «Ոգեւորութեամբ, որովհետեւ նոր գրող յայտնաբերած եմ, իսկ ափսոսանքով, որ կենդանութեան օրօք չեմ ճանչցած այսպիսի տաղանդի», հաղորդեց Վան Արեան:
Պետիկ Հերկելեանի նուիրուած հանդիսութեան խօսքեր արտասանեցին նաեւ գրող, հրապարակախօս Սագօ Արեանը, հանրային գործիչ Րաֆֆի Տուտաքլեանը, որ անդրադարձաւ այն ազդեցութեան, որ Պետիկ Հերկելեան ունեցած է իր սերունդի եւ աւելի փոքրերուն վրայ, որոնց համար Պետիկին հետ ամէն մէկ հանդիպումը սպասուած էր:
Բանաստեղծ, հրապարակախօս Սագօ Արեան կարեւոր նկատեց այն գնահատանքն ու արժեւորումը, որ տաղանդաւոր, ինքնատիպ բանաստեղծները կարիքը ունին սփիւռքի մէջ, ուր գաղութները սովորաբար աւանդական են եւ նորարարութիւնը, ինքնատիպութիւնը միշտ չէ, որ գրկաբաց կ՛ընդունուին: «Պետիկ երբ կը գրէր, կը նոյնանար իր գրութեան հետ եւ ճանապարհ կը բանար բոլոր անոնց, որոնք իր ետեւէն եկան եւ այսօր խմբագիր, տնօրէն եւ կամ այլ պաշտօններ ստանձնեցին: Պետիկ ինչ-որ առումով հիմնադիր դարձաւ սերունդի մը, որ հող պատրաստեց շատ շարժումներու համար», յայտնեց Սագօ Արեան:
Պետիկ Հերկելեանի մասին խօսք արտասանեց նաեւ նախկին դիւանագէտ Յովսէփ Սէֆէրեանը, իսկ ասմունքողներ Մանէ Այնթապլեանն ու Նարեկ Ղազարեանը ասմունքեցին Պետիկ Հերկելեանի յատկանշական բանաստեղծութիւններէն:
Ձեռնարկի աւարտին Պետիկ Հերկելեանի ընտանիքէն (եղբօրորդին) արուեստաբան, ֆինանսիստ Հերակ Հերկելեան իր երախտիքի եւ շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք արժեւորեցին Պետիկ Հերկելեանի գործն ու վաստակը:
«Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան նախագահ Պերճ Ղազարեան Պետիկ Հերկելեանը յետմահու պարգեւատրեց «Մուսա Լեռ» յուշամետալով, որ յուշագրին հետ միասին յանձնուեցաւ Պետիկ Հերկելեանի եղբօրը` արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանին:
«Պատմութեան Միտումնաւոր Ջնջում». Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ոչնչացուց Հայկական Ժառանգութիւնը. NOS
Հոլանտական NOS հանրային հեռարձակողը «Պատմութեան միտումնաւոր ջնջում» խորագրով յօդուած մը հրապարակեց բռնագրաւուած Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին:
«Մէկ տարի ետք, երբ տասնեակ հազարաւոր հայեր փախան Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն` վախնալով ցեղային զտումներէն, անոնց նախկին ներկայութեան ապացոյցները հետզհետէ նուազ տեսանելի դարձան», գրուած է յօդուածին մէջ:
NOS-ի կողմէ հաստատուած արբանեակային լուսանկարներու համաձայն, հիմնովին քանդուած են բազմաթիւ յուշարձաններ, շէնքեր, գերեզմանատուներ եւ նոյնիսկ ամբողջ գիւղեր:
Ուտրեխտի համալսարանի ժառանգութեան հարցերով փրոֆեսէօր Գերջան Պլեց նշած է, որ պատերազմէն ետք ազրպէյճանցիները տեղափոխուած են Լեռնային Ղարաբաղ, եւ շինութիւնները մէկը միւսին ետեւէն քանդուած են: Այս գործընթացը սկսած է աւելի վաղ` 2020 թուականին, երբ Ազրպէյճանը վեցշաբաթեայ պատերազմէ ետք գրաւած էր տարածքին մէկ մասը: Ըստ տուեալներու հաւաքմամբ զբաղող ACLED նախագիծին, 2021 թուականէն ի վեր արձանագրուած է բնիկ հայերու պատմական, կրօնական, քաղաքացիական կառոյցներու եւ բնակութեան վայրերու ոչնչացման մօտաւորապէս ութսուն դէպք: 2023 թուականի սեպտեմբերէն այս ցուցանիշը միայն աճած է: Մշակութային ժառանգութեան այս ոչնչացումը կը նշանակէ, որ հայկական մշակոյթը դանդաղ, բայց կ՛անհետանայ այս տարածաշրջանէն:
«Մշակութային ժառանգութեան աւերումը հակառակորդին պատմութիւնը միտումնաւոր ջնջելու միջոց է», նշած է Պլեց:
Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աւերածութիւնները ոչ միայն կ՛երեւին արբանեակային լուսանկարներով, այլեւ արձանագրուած են ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ: Տեսանիւթերէն մէկուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս ազրպէյճանցի զինուորները կը մտնեն հայկական եկեղեցի եւ աւերածութիւններ կը պատճառեն:
«Մշակութային ժառանգութիւնը կ՛օգտագործուի նաեւ հողի իրաւունքը օրինականացնելու համար: Զայն ոչնչացնելով` դուք բնիկ խումբ մը կը զրկէք իրենց պատմական արմատներէն այդ վայրին մէջ», աւելցուցած է Պլեց:
Ինչպէս նշած է NOS-ը, քանդելով այս տարածքին մէջ դարեր շարունակ կանգուն եղած կառոյցները` կը ջնջուի պատմութեան մէկ մասը:
Կոմիտասի Թանգարան–Հիմնարկը Ցուցադրութեամբ Նշեց Վարդապետին Եւ Մարգարիտ Բաբայեանի Յոբելեանները
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, Կոմիտաս վարդապետին ծննդեան օրը` սեպտեմբեր 26-ին, խումբ մը մտաւորականներ ծաղիկներ խոնարհեցին անոր շիրիմին: Պանթէոնին մէջ նաեւ կայացաւ հոգեհանգստեան կարգ, որուն յաջորդեց բացումը «Փարիզեան հանդիպումներ» խորագրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Կոմիտասի 155 եւ դաշնակահարուհի, երգչուհի, երաժշտագէտ, մանկավարժ, Կոմիտասի մտերիմ բարեկամ Մարգարիտ Բաբայեանի ծննդեան 150-ամեակներուն:
Ցուցադրութեան ներկայացուած են մօտաւորապէս 150 արխիւային փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն` վաւերագիրներ եւ լուսանկարներ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն` կտաւներ, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկէն` Լալուա ընտանիքի արխիւի փաստաթուղթեր:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան ընդգծեց, որ մեծանուն մարդոց մասին կ՛ըսեն` անոնք կարծես բոլորինն են: «Կան իրավիճակներ, երբ ինծի համար Կոմիտաս լսելը առանձնայատուկ հանգստութիւն է: Անոր երաժշտութիւնը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ կարգի բերել սեփական միտքերը, խորհիլ եւ աւելի պարզ մտածել այն բոլոր բարդ հարցերուն մասին, որոնք կանգնած են մեր առջեւ: Ամէնէն կարեւորը կոմիտասեան երաժշտութեան հնչողութիւնն է, որ մեզի թոյլ կու տայ լսել մենք զմեզ», նշեց նախարարը:
Անդրէասեան ուրախ է, որ պանթէոնին մէջ կային նաեւ դպրոցականներ: Ան յուսաց, որ թանգարան-հիմնարկի սրահներն ալ լի կ՛ըլլան դպրոցականներով, որովհետեւ առաջին հերթին կարիքը կայ երեխաները ծանօթացնելու բարձր արուեստին եւ զանոնք հաղորդակից դարձնելու Կոմիտասի ժառանգութեան:
Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Նիկոլա Կոստանդեան շեշտեց` յայտնի փաստ է, որ Կոմիտասի կեանքին մէջ Փարիզը նշանակալի դեր ունեցած է. թէ՛ Կոմիտասը, թէ՛ Բաբայեանը փարիզեան մշակութային կեանքի կարեւոր մասը եղած են, ուստի որոշած են մէկ ցուցադրութեամբ անդրադառնալ նշանաւոր հայերուն:
Ան տեղեկացուց, որ ցուցադրութեան պատրաստուած են աւելի քան մէկ տարի: Իրականացուած է լուրջ հետազօտական աշխատանք, որուն համար շնորհակալ է բոլոր աջակիցներուն:
Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Սուզաննա Խոջամիրեան յատկապէս կարեւոր նկատեց Կոմիտասի եւ Բաբայեանի նուիրուած ցուցադրութեան ներառուած նամակները, որոնք շատ անկեղծ են եւ կը վկայեն անոնց ջերմ բարեկամութեան մասին: «Նամակագրութիւնը Կոմիտասի եւ Մարգարիտ Բաբայեանի մարդկային ամէնէն ջերմ, ամէնէն ջինջ յարաբերութիւններուն դրսեւորումն է: Նամակները առհասարակ արխիւային փաստաթուղթերուն մէջ աւելի կարեւոր կը նկատուին, որովհետեւ կարելիութիւն կու տան զգալու նամակներու հեղինակներուն ապրումները: Անոնց բարեկամութեան դրսեւորման բարձրակէտը այն փաստն է, որ Մարգարիտ Բաբայեան ինքն է, որ Արշակ Չօպանեանի օգնութեամբ կորուստէ փրկած է Կոմիտասի ձեռագիրները, հաւաքած եւ իր ամբողջական արխիւին հետ նուիրած է Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին», ընդգծեց Խոջամիրեան:
Ցուցադրութեան համադրող Մարինէ Հարոյեան ցաւով նշեց, որ այսօր շատերը մոռցած են Մարգարիտ Բաբայեանը: Ծանօթանալով Բաբայեանի կենսագրութեան` կը բացայայտես, որ ան իր ժամանակին մեծ վաստակ ունեցած է ե՛ւ իբրեւ երգչուհի ե՛ւ իբրեւ մարդ, որ տարածած է հայ երգն ու երաժշտութիւնը` միջազգայնացնելով զայն:
«Ան մեկնաբանած է հայկական, յունական, հրէական, չինական, լեհական, վրացական եւ այլ երգեր: Բաբայեան իր բոլոր երգահանդէսներուն անպայման հնչեցուցած է Կոմիտաս եւ նպաստած` Կոմիտասի ճանաչման: Ան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Կոմիտասի արխիւի, ձեռագիրներու հաւաքման, Ֆրանսայի մէջ անոնց հրատարակման, ինչպէս նաեւ անոր ժառանգութիւնը Հայաստան բերելու գործին մէջ», ըսաւ Հարոյեան եւ աւելցուց` ցուցադրութեան մեծ նշանակութիւն տրուած է նամակագրութեան, սակայն ընդգրկուած է նաեւ 1914 թուականի «Մուզիկա» ամսագիրը, որուն մէջ ներկայացուած է այն համերգը, որ եղած է վերջինը, երբ Կոմիտասն ու Բաբայեանը միասին հանդէս եկած են: «Այսօր` 110 տարի ետք, մէկ յարկի տակ հնչած է Բաբայեանի եւ Կոմիտասի ձայնը», եզրափակեց Մարինէ Հարոյեան:
Ժամանակաւոր ցուցադրութեան կայացման աջակցած են` Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը, Հայաստանի Ֆրանսական հիմնարկը եւ այլք:
Երկճիւղ Հայերէնի Փոխարէն Միասնական Մէկ Հայերէն` Գրաբարի Միջնորդ Դատաւորութեամբ
Հայաստանի Ազգային գրադարանի Թամանեանական Մեծ դահլիճին մէջ կայացաւ համաժողով` նուիրուած արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի բաժնուած լեզուն միասնական գրական հայերէնով փոխարինելու կարեւորութեան ու անհրաժեշտութեան: Համաժողովը կայացաւ Նիւ Եորքի Գիտութիւններու ակադեմիայի պատուաւոր անդամ, բառարանագէտ, ազգային-հասարակական գործիչ Յակոբ Այնթապլեանի նախաձեռնութեամբ: Համաժողովին ներկայ գտնուեցան` լեզուաբաններ, գրականագէտներ, Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի դասախօսներ, ուսուցիչներ, ուսանողներ: Դոկտոր Այնթապլեան իր խօսքը սկսաւ իր գործընկեր, գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեանի մահուան առնչութեամբ ցաւակցական ու յիշատակի խօսքով: Դահլիճը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց անոր յիշատակը: Այնուհետեւ արծարծուեցաւ երկճիւղուած` արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի բաժնուած հայերէնը մէկ միասնական լեզուով փոխարինելու կարեւորութեան մասին:
Դոկտոր Այնթապլեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ երկճիւղ հայերէնը յառաջացած է պատմական եւ քաղաքական պատճառներով. «Վարչարարական շրջան մը ընդունեց արեւելահայերէնը, որ հիմնականօրէն ռուսական, խորհրդային կարգերու եւ լեզուամտածողութեան ազդեցութեան տակ էր: Մինչեւ Հայաստանի անկախացումը` քաղաքական պայմանները անբարենպաստ եղան երկատուած լեզուն միաւորելու»:
«Բայց հիմա, ունենալով ազատ ու անկախ Հայաստան, ինչո՞ւ պիտի չունենանք նոյն լեզուն, նոյն քերականութիւնն ու նոյն ուղղագրութիւնը: Մենք չե՞նք ուզում ազգային միասնութիւն: Մեր հեռանկարը ի՞նչ է, երկու գլխանի հրէ՞շ: Ի՞նչ առաւելութիւն է ունենալ երկճիւղ հայերէն, երկու ուղղագրութիւն: Ի՞նչ է այս երկճիւղ հայերէնի ապագան: Արաբները քսանհինգ երկիրներու մէջ կ`ապրին, 300 միլիոնէ աւելի են, ունին մէկ գրական արաբերէն: Ինչո՞ւ հայերէնը չունենայ մէկ գրական աշխարհաբար հայերէն, որպէսզի հայ ազգը դառնայ միասնական: Թշնամիին դէմ կռուելու համար միայն զէնքը բաւարար չէ, ազգային միասնական ոգին պէտք է լինի` նոյն բառերը, նոյն քերականութիւնը, որպէսզի իրարու հետ հաղորդակցուելու դժուարութիւն չունենանք: Կարծրատիպեր, կաղապարուած հոգեբանական մտայնութիւններ ունեցողները կ՛ըսեն, որ մենք բաժանուած ենք, մենք ունինք պետութիւն, որ այս քերականութիւնը կը գործածէ: Ու, իբրեւ հայերէն, կը գործածենք ռուսախառն, թրքախառն, պարսկախառն բառեր: Ժամանակն է, որ մենք ինքներս մեզ մաքրագործենք, մաքրենք մեր լեզուն օտարաբանութիւններէ, որպէսզի Հայաստանի դպրոցներու եւ սփիւռքի դպրոցներու մէջ նոյն քերականութիւնը սորվեցնեն, նոյն բառերն ու նոյն ուղղագրութիւնը գործածեն, որոնք տասնվեց դար գործածած ենք: Այս մէկը կը տարածէ ազգային միասնութեան ոգին: Սփիւռքը գոյատեւած է երեք հիմքի վրայ` լեզու, կրօն, մշակոյթ: Չէ ունեցած հայրենիք, բայց գոյատեւած է», շեշտեց դոկտոր Այնթապլեան:
Բանախօսը ներկայացնելով «Միասնական գրական հայերէնի քերականութիւն» գիրքը` ըսաւ. «Այս գիրքին մէջ ամփոփուած են այդ երկու ճիւղերուն` արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի առաւելութիւնները: Խումբ մը հայագէտներով կազմած ենք այս միասնական, գրական հայերէնի քերականութիւնը, որպէսզի աշխարհի հայերը այս քերականութիւնը սորվելով` վերադառնան իրենց արմատներուն, որպէսզի հայերս մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ լեզու եւ մէկ ուղղագրութիւն ունենանք: Երկու ճիւղերու առաւելութիւնները մենք հաւաքած ենք եւ կազմած` միասնական գրական աշխարհաբար հայերէնը»: Այդ աշխատութեան վրայ Այնթապլեանին հետ միասին աշխատած են գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեանը, լեզուաբան Արմենակ Եղիայեանը, պատմալեզուաբան Արմէն Միքայէլեանը, բանասէր, դոկտոր Գինաս Կոճայեանը, Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Վահան ծ. Վրդ. Օհանեանը: Գիրքը հրատարակուած է Յակոբ եւ Լուտովիկա Այնթապլեաններուն կողմէ:
Համաժողովին խօսքերով ներկայացան նաեւ պատմալեզուաբան Արմէն Միքայէլեանը, Երեւանի պետական համալսարանի հայոց լեզուի պատմութեան եւ ընդհանուր լեզուաբանութեան բաժանմունքի վարիչ, դոցենտ Նարինէ Դիլբարեանը:
«Եուքոմ»-ը Աւարտեց Շարժական Ցանցի Վերազինումը Գիւմրիի Եւ Վանաձորի Մէջ
«Եուքոմ» ընկերութեան մարզային ցանցերու վերազինման ռազմավարութեան ծիրին մէջ աւարտեցաւ շարժական ցանցերու արդիականացումը Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ:
Այս երկարատեւ նախագիծ է, որ ուղղուած է ընկերութեան շարժական ցանցի արդիականացման Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ:
Արդիականացման իբրեւ արդիւնք` մարզերուն մէջ հասանելի դարձան աւելի կայուն եւ արագ շարժական կապ: Անիկա կ՛աշխատի ժամանակակից 4G (LTE) եւ 4G+ արհեստագիտութիւններով, նաեւ պատրաստ է 5G ցանցին կայացման:
Նշենք, որ աշխատանքներ կ՛ընթանան Հայաստանի ամբողջ տարածքին եւ երբեմն կրնան յառաջացնել կապի որոշակի ընդհատումներ, որոնք կապուած են հին ցանցէն նորին անցումով:
«Երբ մենք կը խօսինք յաճախորդի հոգատարութեան մասին եւ լաւ թուային փորձառութիւն փոխանցելու մասին, ուրեմն պէտք է կեդրոնանանք արհեստագիտական արդիականացման վրայ: Եւ ինչպէս կը տեսնէք, մենք սկսած ենք մեծածաւալ արդիականացման աշխատանքներ իրականացնել, հիներու փոխարէն` տեղադրել ժամանակակից, արդիական եւ արհեստագիտականօրէն յագեցած կայաններ, նոր վայրերու մէջ տեղադրել կայաններ, որպէսզի մեր ենթակառուցուածքը այնպիսի մակարդակի հասցնենք, որ կարողանանք դրական թուային փորձ փոխանցել մեր սիրելի բաժանորդներուն», նշեց «Եուքոմ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Տեղեկացնենք, որ ցանցերու արդիականացումը կ՛իրականացուի համագործակցութեամբ Nokia ընկերութեան: Nokia-ն կը մասնակցի «Եուքոմ»-ի ամրագրուած եւ բջիջային ցանցերու հիմնական ենթակառուցուածքներու թարմացման եւ նոր բարձր թողունակութեամբ IP փոխադրական ցանցի կառուցման: