Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ կուսակցութեան ներկայ նախագահ Թէյմուր Ժոմպլաթի հետ արեւմտեան Ալէի եւ Շուէյֆաթ Խալտէի շրջաններու արտակարգ կացութեան բջիջի աշխատանքի առցանց հետապնդման ընթացքին բացատրեց Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ եռակողմ հանդիպումին նպատակները` նշելով, որ նախաձեռնութիւնը «փորձ մըն է ուրուագծելու ազգային ճամբու քարտէս մը` դադրեցնելու իսրայէլեան յարձակումը, Լիբանանի պետական ու քաղաքական մակարդակով թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան եւ լիբանանեան բանակը ՖԻՆԻՒԼ-ին հետ հարաւ ուղարկելու պատրաստակամութիւնը հաստատելու, ինչպէս նաեւ վերջ տալու նախագահական աթոռի թափուր դրութեան` հրաժարելէ ետք երկխօսութեան գաղափարէն, եւ դիմելու համաձայնական նախագահի մը ընտրութեան` համաձայնական անձնաւորութեան մը շուրջ ազգային փոխզիջումի ճամբով, որուն կը յաջորդէ կազմութիւնը ազդու կառավարութեան մը, որ կարող է միջազգային ընտանիքին հետ ազգային միասնական դիրքորոշումով խօսիլ»:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ որեւէ քաղաքական խմբակ մեկուսացնելու նպատակ գոյութիւն չունի` նշելով, որ Թէյմուր Ժոմպլաթէն եւ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաաուրէն խնդրած է «այցելել բոլոր քրիստոնէական ուժերուն` ընդլայնելու համար ազգային փոխադարձ հասկացողութիւնը, բացատրելու նախաձեռնութեան նպատակները եւ ձգտելու ազգային համաձայնութիւն եւ առանց բացառութեան բոլորին կողմէ գործակցութիւն ապահովելու»:
«Նախաձեռնութեան երրորդ կէտը կեդրոնացաւ տեղահանուածներու օգնութեան ազգային միասնական կեցուածքի գոյացման, մանաւանդ որ պատերազմը տակաւին երկար է», նշեց Ժոմպլաթ:


