Հանրօգուտ շինութեանց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ վարչապետարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւնը լիբանանեան բանակի համաձայնութենէն առաջ օժանդակութիւններ կամ այլ բան փոխադրող զինուորական կամ այլ տեսակի օդանաւերու էջք կատարելու համաձայնութիւն չի տար»:
«Հիմնականին մէջ արտօնութեան եւ համաձայնութեան հարցին առնչակից կողմը բանակն է, եւ ատիկա նոր բան չէ, այլ տասնամեակներէ ի վեր այդպէս է», աւելցուց Համիէ:
«Վարչապետութեան մօտ նախանձախնդրութիւն կայ ցամաքային, ծովային ու օդային անցակէտերը առնուազն մարդասիրական օժանդակութիւններու եւ տնտեսութիւնը շարժումի մղելու համար բաց պահելու, որպէսզի Լիբանանը աշխարհի բոլոր երկիրներուն բաց մնայ», նշեց հանրօգուտ շինութեանց նախարարի պաշտօնակատարը:


