Կրթութեան ու բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ առնչակից կողմերու հետ պաշտօնական խորհրդակցութիւններէ ետք ի յայտ եկած է, որ շարք մը սեփական կրթական հաստատութիւններու կարծիքով, իրենց գտնուած վայրերը աւելի ապահով են, եւ այնտեղ դպրոցներն ու երկրորդական վարժարանները կարելի է բնականոն կերպով բանալ, ինչպէս նաեւ մնացեալ դպրոցներու մեծամասնութեան կարծիքով` ներքին տեղահանութեան եւ աշակերտներուն հոգեկան վիճակին պատճառով բնականոն կամ առցանց ուսուցումը կարելի չէ: Վերջիններս նախարարութեան կոչ ուղղած են կրթական տարեշրջանի վերամուտը հոկտեմբերի վերջաւորութեան յետաձգելու` այն յոյսով, որ ապահովական եւ զինուորական կացութիւնները կը կայունանան:
Կրթութեան նախարարի պաշտօնակատարը յայտարարեց, որ պետական դպրոցներն ու արհեստից վարժարանները, պատրաստութիւնները աւարտելէ ետք պիտի վերաբացուին երկուշաբթի, 4 նոյեմբերին` սկսելու համար աշակերտներու ներկայութեամբ, առցանց կամ կէս առ կէս ուսուցումը: Ան նաեւ ջնջեց արձանագրութեան գումար գանձելու վերաբերեալ որոշումը:
Ինչ կը վերաբերի սեփական վարժարաններուն, կրթութեան նախարարի պաշտօնակատարը անոնց արտօնեց առցանց ուսուցում կատարել, եւ նկատի ունենալով, որ կարգ մը վարժարաններ ծնողներուն փոխանցած են, որ ուսուցումը ներկայութեամբ կամ հաւասարապէս ներկայութեամբ ու առցանց պիտի սկսի երկուշաբթի օր (այսօր, «Ա.»), «այդ տնօրէնութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` գիտակցելու պատերազմական վիճակէն բխող վտանգներուն, այդ տնօրէնութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` ծնողական յանձնախումբերու համաձայնութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ անոնց կոչ կ՛ուղղենք` ստորագրելու նախարարութեան պատրաստելիք բնորդին հիմամբ խոստում մը, որպէսզի աշակերտներու ներկայութեամբ ուսուցումի որոշումին ամբողջական պատասխանատուութիւնը կրէ այդ որոշումը տուողը:
Ան սեփական դպրոցներէն պահանջեց յարգել թիւ 96/515 որոշումին 5-րդ կէտը, որուն համաձայն, կրթաթոշակի առաջին մասնավճարը պէտք չէ նախկին տարեշրջանի կրթաթոշակի արժէքին 30 առ հարիւրէն աւելի ըլլայ, ուստի վերատեսութեան ենթարկել յայտարարուած կրթաթոշակները` նկատի ունենալով իսրայէլեան յարձակումին ընտանիքներուն եւ ապրուստին վրայ ունեցած հետեւանքները, այլապէս անոնց նկատմամբ պիտի որդեգրուին իրաւական տնօրինումներ:
Ինչ կը վերաբերի պետական համալսարանին, անիկա կը շարունակէ փակ մնալ, իսկ սեփական համալսարաններու կացութիւնը մեծ մասամբ նման է սեփական վարժարաններու վիճակին:
«Կրթութեան նախանձախնդիր եղողներուն կոչ կ՛ուղղենք` գիտակցելու ներկայ կացութեան նրբութեան, կարելի ընտրանքներու դժուարութեան եւ միեւնոյն ժամանակ կրթութեան շարունակումին ու կրթական տարեշրջան չկորսնցնելու նկատմամբ նախանձախնդրութեան, որովհետեւ այսպիսի պայմաններուն մէջ իտէալական լուծում չկայ: Աշակերտներուն եւ ուսանողներուն կը խոստանանք, որ անոնք տարեշրջան պիտի չկորսնցնեն, որովհետեւ վճռած ենք կրթութիւնը բոլորին ապահովել», նշեց նախարարի պաշտօնակատարը:
Կրթութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Հուրրա»-ին յայտնեց. «Լիբանանի աշակերտներուն 40 առ հարիւրը տեղահանուած է»: