Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խամենէի. «Թշնամիները Երբեք Համասին Եւ Հըզպալլային Պիտի Չյաղթեն, Եւ Լիբանանը Պաշտպանելը Մեր Եւ Իսլամներուն Պարտաւորութիւնն Է»

October 5, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Թեհրանի մէջ ուրբաթ օրուան արաբերէնով արտասանուած եւ լիբանանցի ու պաղեստինցի ժողովուրդներուն ուղղուած քարոզին ու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յիշատակին նուիրուած արարողութեան ընթացքին յայտնեց. «Իսլամ ժողովուրդի թշնամիները իրենք Իրաքի, Պաղեստինի, Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Եմէնի թշնամիներն են»: Ան նաեւ շեշտեց. «Իւրաքանչիւր ժողովուրդ իրաւունք ունի իր հողերն ու գերիշխանութիւնը բռնագրաւողներուն եւ զաւթիչներուն դէմ պաշտպանելու»:

«Պէտք է իսլամ ժողովուրդին պաշտպանութեան գօտին կապենք Աֆղանիստանէն մինչեւ Եմէն, եւ Իրանէն Կազա ու Լիբանան», յայտարարեց Խամենէի:

«Պաղեստինցի ժողովուրդը ամբողջ իրաւունքը ունի ըմբոստանալու բռնագրաւողին դէմ, որ իր կեանքը խլեց, եւ «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը իրաւացի ու բնական շարժում է եւ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքն է», նշեց ան:

«Ոչ ոք իրաւունք ունի պաղեստինցի իրենց եղբայրներուն իրենց հողերը պաշտպանելուն թիկունք կանգնելնուն համար լիբանանցիները քննադատելու» յայտնեց Խամենէի:

«Քանի մը օր առաջ Կազայի թիկունք կանգնելու մեր զինեալ ուժերու քայլը օրինական է եւ ամբողջական օրինականութիւն կը վայելէ», նշեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը` աւելցնելով. «Այն, ինչ որ մեր զինեալ ուժերը կատարեցին, սիոնական գոյացութեան գործած ոճիրներուն նուազագոյն պատիժն է»:

«Իսլամական հանրապետութիւնը պէտք եղածը պիտի կատարէ ուժեղ կերպով եւ վճռականօրէն, եւ աչք պիտի չփակենք եւ պիտի չշտապենք», ըսաւ սէյիտ Խամենէի:

«Յարմար դատեցի եղբայրս, սիրելիս, պարծանքս, իսլամական աշխարհի մէջ սիրուած անձնաւորութիւն, շրջանի ժողովուրդներուն խօսուն լեզուն, Լիբանանի փայլուն մարգարիտ սէյիտ Հասան Նասրալլան ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին մեծարել», նշեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը:

«Նահատակ Հասան Նասրալլան Դիմադրութեան դրօշն էր եւ անիրաւուածներու քաջ պաշտպանը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Վախկոտ թշնամին անկարող է ազդու հարուած հասցնելու Դիմադրութեան խմբաւորումներուն, ուստի դիմեց ահաբեկումներու եւ քանդումի քաղաքականութեան»:

«Հըզպալլայի Կազան պաշտպանելն ու Աքսայի մզկիթին օգնութեան փութալը ամբողջ շրջանին համար վճռորոշ ծառայութիւններ են», նշեց ան` ընդգծելով. «Հըզպալլան իսկապէս բարի ծառ մըն է»:

«Սէյիտ Նասրալլան ֆիզիքապէս մեզմէ հեռացաւ, սակայն անոր երթը եւ հնչեղ ձայնը մեր մէջ պիտի մնան յաւիտեանս», աւելցուց ան:

«Ո՜վ Լիբանանի ժողովուրդ, նահատակ Նասրալլայի խօսքով ու գործով իր երկրաւոր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր պատգամը այն էր, որ իմամ Մուսա Սատըրի եւ սէյիտ Ապպաս Մուսաուիի նման ականաւոր անձերու կորուստէն չյուսալքուիք, չերկմտիք եւ կրկնապատկէք ձեր կարողութիւններն ու դիմադրէք թշնամիին», շեշտեց Խամենէի:

«Բռնագրաւող գոյացութեան հասած իւրաքանչիւր հարուած շրջանին ու ամբողջ մարդկութեան ծառայութիւն է», շեշտեց ան` նշելով. «Գոյացութիւնը Ամերիկայէն ու Արեւմուտքէն հսկայական օգնութիւններ ստացաւ եւ քանի մը հազար մարտիկներէն պարտութիւն կրեց»:

«Թշնամիները երբեք Համասի եւ Հըզպալլայի դէմ յաղթանակ պիտի չարձանագրեն», ըսաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը` շեշտելով. «Վիրաւոր ու արցունքոտ Լիբանանը պաշտպանելը մեր եւ բոլոր իսլամներուն պարտաւորութիւնն է»:

«Ո՜վ Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ մեր դիմադրող հարազատներ, ո՜վ համբերատար ու հաւատարիմ ժողովուրդ, այս նահատակութիւնները, այս թափուած արիւնը ձեր վճռականութիւնը չեն խախտեր, այլ ձեզ աւելի հաստատ կը դարձնեն», յայտարարեց Խամենէի:

«Շրջանին մէջ պատերազմներուն եւ անվտանգութեան բացակայութեան գլխաւոր ազդակը բռնագրաւող սիոնական գոյացութիւնն է», նշեց ան:

 

Նախորդը

Լաւրով. «Ուաշինկթըն Լիբանան Ցամաքային Ներխուժումը Չդատապարտեց, Ուրեմն Թել Աւիւը Կը Քաջալերէ Զինուորական Գործողութեան Ծիրը Ընդլայնելու»

Յաջորդը

«Լիբանանի Նկատմամբ Նախանձախնդիր Ենք, Եւ Անոր Աջակցելու Համար Դիւանագիտական Արշաւ Պիտի Կատարենք» Կ՛ըսէ Արաղչի

RelatedPosts

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը  50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք,  Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»
Լիբանանեան

Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը 50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք, Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»

October 16, 2026
Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի  Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան  Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք  Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը  Դիմադրութեան Կը Պատկանի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը Դիմադրութեան Կը Պատկանի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.