Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Ուաշինկթըն Լիբանան Ցամաքային Ներխուժումը Չդատապարտեց, Ուրեմն Թել Աւիւը Կը Քաջալերէ Զինուորական Գործողութեան Ծիրը Ընդլայնելու»

October 5, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ուաշինկթընի` Իսրայէլի Լիբանան ցամաքային ներխուժումը որեւէ ձեւով դատապարտելէ հրաժարիլը ցոյց կու տայ, թէ ան իրողապէս իր դաշնակիցը կը քաջալերէ ընդլայնելու զինուորական գործողութիւններու շրջանը:

Ան անցեալ ամիս ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելէն ետք ՄԱԿ-ի ճակատագիրին շուրջ իր գրած եւ երէկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ տեղադրուած յօդուածին մէջ նշեց, որ մեծապէս մտահոգիչ է տեսնել քաղաքական ահաբեկումներու ձեւերու գրեթէ սովորական դառնալը, ինչպէս տեղի ունեցաւ 31 յուլիսին Թեհրանի մէջ եւ 27 սեպտեմբերին Պէյրութի մէջ: Ան այդպիսով կ՛ակնարկէր Թեհրանի մէջ Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման եւ Պէյրութի մէջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկման:

Լաւրով Հըզպալլայի պաշտօնատարներուն վրայ «Փէյճըրի յարձակում»-ը որակեց «քաղաքական նպատակներու իրագործման համար ահաբեկչական ձեւերու որդեգրման բացայայտ մէկ այլ օրինակը» եւ վերահաստատեց այդ դէպքին շուրջ անմիջապէս հետաքննութիւն կատարելու կոչը:

«Անկարելի է անտեսել շարք մը լրատուական զեկուցումները, ներառեալ անոնք, որոնք հրապարակուեցան Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, որոնք ցոյց կու տան Ուաշինկթընի այս կամ այն կերպ մեղսակցութիւնը կամ առնուազն ահաբեկչական յարձակումի պատրաստութենէն տեղեակ ըլլալը», գրեց Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը շեշտեց. «Արաբ-իսրայէլեան տագնապին մէջ, Լիբանանի, Եմէնի, Կարմիր ծովու, Ատենի ծոցի, Սուտանի, Ափրիկէի «տաք շրջաններուն» մէջ եւ այլուր ողբերգական ու անընդունելի զարգացումները կ՛արտացոլացնեն անվիճելի իրականութիւն մը, թէ անվտանգութիւնը բոլորին համար հաւասար եւ անմասնատելի կրնայ ըլլալ, կամ ալ չի կրնար ըլլալ եւ ոչ ոքի համար պիտի ըլլայ»:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Խամենէի. «Թշնամիները Երբեք Համասին Եւ Հըզպալլային Պիտի Չյաղթեն, Եւ Լիբանանը Պաշտպանելը Մեր Եւ Իսլամներուն Պարտաւորութիւնն Է»

RelatedPosts

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը  50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք,  Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»
Լիբանանեան

Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը 50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք, Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»

October 16, 2026
Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի  Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան  Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք  Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը  Դիմադրութեան Կը Պատկանի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը Դիմադրութեան Կը Պատկանի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.