Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 5, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերու յանձնակատարութիւնը յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ տեղահանուածներու պատսպարման շուրջ 900 կեդրոններ ամբողջովին լեցուեցան»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ պնդեց, որ «Հըզպալլան ծանր հարուածներ կը ստանայ»` նշելով. «Մեր մօտ ունինք յաւելեալ անակնկալներ, որոնց մէկ մասը իրողապէս կատարուեցան»:

Ան Լիբանանի հետ սահման այցելելով յայտնեց. «Գործողութիւնը պիտի շարունակուի ուր որ անհրաժեշտ ըլլայ` քանդելու համար բոլոր ենթակառոյցները, զոր Հըզպալլան կը ծրագրէ օգտագործել յարձակումներ գործելու համար»:

«Մենք ի վերջոյ իրապէս պիտի տեսնենք, որ քաղաքայինները իրենց տուները ապահով կերպով պիտի վերադարձնենք, ինչպէս որ խոստացանք», նշեց Կալանթ:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտնեց. «Ո՛չ խոչընդոտման պահն է, ո՛չ ալ իմաստակութեան թատրոններու, այլ` Լիբանանն ու լիբանանցիները այս ողբերգութենէն դուրս բերելու: Այդ ուղղութեամբ պահանջուած քայլը նախագահի ընտրութեան անմիջական ու բաց նիստի հրաւիրելն է` մինչեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն իրերայաջորդ նիստերով»:

– ՄԱՐԺԵՀԻՈՒՆԻ պետական հիւանդանոցը տարհանեց իր բժշկական անձնակազմը, եւ այդպիսով հիւանդանոցը դադրեցաւ գործելէ: Իսրայէլեան օդուժը երէկ առտու հիւանդանոցին մօտ յարձակում գործեց հիւանդատար մեքենայի մը վրայ` պատճառելով վիրաւորներ:

– ՄԷՅՍ ԺԱՊԱԼԻ պետական հիւանդանոցի վարչութիւնը յայտարարեց, որ կը դատարկէ հիւանդանոցը եւ կը դադրեցնէ անոր բոլոր բաժիններուն մէջ աշխատանքը` իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով յառաջացած դժուարութիւններուն պատճառով:

– ՍԱՅՏԱՅԻ «Սեն Թերեզ» բժշկական կեդրոնի վարչութիւնը յայտարարեց, որ Լիբանանի վրայ իր յարձակումներուն ծիրին մէջ, իսրայէլեան օդուժը հինգշաբթի երեկոյեան բուռն յարձակում գործած է կեդրոնին մերձակայքին վրայ` ծանր վնասներ հասցնելով անոր շէնքին ու բժշկական սարքերուն:

Վարչութիւնը կեդրոնի ամբողջ աշխատանքին դադրեցումը յայտարարեց` նշելով, որ կեդրոնը համապարփակ վերականգնման աշխատանքի կը կարօտի:

 

 

Նախորդը

Քոնկրեսի 60 Անդամներ Կը Պահանջեն ՔՈՓ29-ին Ընդառաջ Պատասխանատուութեան Ենթարկել Ազրպէյճանը Եւ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

Յաջորդը

Լաւրով. «Ուաշինկթըն Լիբանան Ցամաքային Ներխուժումը Չդատապարտեց, Ուրեմն Թել Աւիւը Կը Քաջալերէ Զինուորական Գործողութեան Ծիրը Ընդլայնելու»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?