Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուրապիշվիլի. «Ուքրանիոյ Պատերազմի, Մոլտովայի Եւ Վրաստանի Մէջ Նախատեսուած Ընտրութիւններուն Արդիւնքները Պիտի Որոշեն Նաեւ Հայաստանի Ապագան»

Հոկտեմբեր 4, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի եւ Վրաստանի մէջ նախատեսուած ընտրութիւններուն արդիւնքները այլ բաներու շարքին պիտի որոշեն նաեւ Հայաստանի ապագան: Այս մասին «1թի.վի.»-ի համաձայն, Վարշաւայի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի` ընդգծելով, որ Երեւանը Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման ուղիով կ՛ընթանայ:

«Վրաստանի մէջ միշտ եղած են ժողովրդավարական եւ եւրոպամէտ ուժեր: Անոնք կը ներկայացնեն երկրին մեծ մասը: Անոնք գիտեն, թէ ո՛ւր է մեր ապագան: Անոնք գիտեն, որ Վրաստանը այլընտրանք չունի: Վրաստանի բնակչութեան 80 առ հարիւրը, հակառակ պատերազմին եւ Վրաստանի ուղին փոխելու Ռուսիոյ բազմաթիւ փորձերուն, երկար տարիներ հաստատակամօրէն աջակցած է եւրոպական ուղիին եւ Վրաստանի եւրոպական ապագային:

«26 հոկտեմբերին նշանակուած ընտրութիւնները վճռորոշ պիտի ըլլան: Բազմաթիւ ուժեր կը գործեն Վրաստանի կամքին հակառակ, սակայն ես վստահ եմ, որ մեր ապագան Եւրոպայի մէջ է: Ուքրանիան այժմ իր անկախութեան համար պայքարելով նաեւ կը պայքարի Եւրոպայի, ինչպէս նաեւ Վրաստանի ազատութեան համար:

«Եւրոպայի ճակատագիրը պիտի որոշուի Ուքրանիոյ պատերազմին, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի եւ Վրաստանի մէջ նախատեսուած ընտրութիւններուն արդիւնքներով: Անոնք պիտի կանխորոշեն նաեւ Սեւ ծովու անվտանգութիւնը եւ ապագան… Անոնք պիտի կանխորոշեն Եւրոպայի եւ մեր արեւմտեան գործընկերներուն դերը կովկասեան շրջանին մէջ, պիտի կանխորոշեն ապագան Հայաստանի, որ նոյնպէս կ՛ընթանայ Եւրոպայի Միութեան հետ մերձեցման ուղիով: Այնպէս որ, այն ամէնը, ինչ որ այսօր դրուած է խաղասեղանին, շատ կարեւոր է, եւ ամէնէն կարեւորը խաղաղութիւնն է: Խաղաղութիւն, որ պիտի արտայայտուի Վրաստանի եւ Մոլտովայի մէջ ժողովուրդներու ազատ կամքի արտայայտութեամբ», ըսած է Զուրապիշվիլի:

Այս ամիս Մոլտովայի մէջ տեղի պիտի ունենան նախագահական, իսկ Վրաստանի մէջ` խորհրդարանական ընտրութիւններ:

 

Նախորդը

ՄԱԿ Կը Մեկնաբանէ Կութիերեսի Նկատմամբ Իսրայէլի Կեցուածքը

Յաջորդը

Զախարովա. «Ռուսիան Կ՛ողջունէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Աշխատանքներուն Հայաստանի Աշխուժ Մասնակցութիւնը»

RelatedPosts

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու  Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին
Հայկական

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ  Զինուորական Ծառայութեան  Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինուորական Ծառայութեան Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ  Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը
Հայկական

Ըստ Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?