Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիս Ալմակրօ ընդունած է Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ եւ Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան կոմիտէի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը:
Այս մասին «Էքս»-ի մէջ յայտնած է Լուիս Ալմակրօ:
Ան նշած է, որ Մարիօ Նալպանտեանի հետ քննարկած են տեղահանուած հայերու վերադարձը Արցախ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, հայ ռազմական եւ քաղաքական գերիներու ազատ արձակումը եւ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման դադրեցումը:


