Ընթացիկ տարուան մէջ, յունուար-օգոստոս ամիսներուն տուեալներով, Ազրպէյճանը16,5 միլիոն թոն քարիւղ արտածած է 23 երկիր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ազրպէյճանական քարիւղը ամէնէն շատ ներածած են Իտալիան` աւելի քան 6,2 թոն եւ Իսրայէլը` 2,2 միլիոն թոն: Երրորդ դիրքը կը գրաւէ Չեխիան, որ 2024 թուականի առաջին կիսամեակին Ազրպէյճանէն աւելի քան մէկ միլիոն թոն քարիւղ ներածած է:
Ընդհանուր առմամբ, ըստ պետական մաքսային յանձնախումբի տուեալներուն, այս տարուան սկիզբէն Ազրպէյճանը քարիւղի արտածումէն աւելի քան 10 միլիոն տոլար ստացած է: