Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն բարձր գնահատած է այն յառաջընթացը, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած է երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութեան ուղղութեամբ, եւ երկու երկիրները քաջալերած է շարունակելու համաձայնագիրը կարելի եղածին չափ շուտ վերջնականացնելու ջանքերը: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:
«Ան ընդգծած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի նպաստէ շրջանի կայունութեան եւ բարեկեցութեան աճին», աւելցուցած է ան: