Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիտի Գան Նորերը, Աւելի Ուժեղները…

November 27, 2026
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԻՔ ԱԶՆԱՒՈՒՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

Կան թուականներ, որոնք կը մնան պատմութեան էջերուն մէջ: Կան անուններ, որոնք կը յիշուին սերունդներու կողմէ: Բայց կան նաեւ գաղափարներ, որոնք չեն պատկանիր միայն իրենց ծննդեան ժամանակաշրջանին: Անոնք կը շարունակեն ապրիլ, որովհետեւ իրենց գոյութիւնը կապուած չէ ժամանակի մը, այլ` ժողովուրդի մը ճակատագիրին:

1890 թուականին, երբ Թիֆլիսի մէջ երեք երիտասարդներ` Քրիստափոր Միքայէլեան, Սիմոն Զաւարեան եւ Ստեփան Զօրեան, որոնց միացուցին համոզումն ու կամքը, թերեւս չէին կրնար երեւակայել, թէ իրենց սկսած ուղին պիտի շարունակեն քանի՜ քանի՛ սերունդներ: Այդ օրը ծնունդ առաւ ոչ միայն կուսակցութիւն մը, այլ` գաղափար մը, որ իր ճամբան պիտի հարթէր պատմութեան ամէնէն դժուար էջերուն ընդմէջէն: 136 տարի, թիւ մը, որուն մէջ կան` սերունդներու ձայներ, չաւարտած երազներ, պատմական յաղթանակներ ու պարտութիւններ, հայրենիքէն հեռու ապրուած կարօտ, բայց նաեւ` վերադարձի, վերակառուցման եւ շարունակելու անսպառ կամք:

Դաշնակցութեան պատմութիւնը դարձաւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին, ինքնապաշտպանութեան, պետականութեան կերտման եւ սփիւռքի մէջ հայապահպանման պատմութեան մէկ անբաժանելի մասը: Գաղափար մը չի շարունակուիր միայն այն պատճառով, որ մարդիկ կը կրկնեն անոր անունը: Ան կը շարունակուի, երբ իւրաքանչիւր նոր սերունդ կը կատարէ իր ներդրումը եւ անոր մէջ կը գտնէ պատճառը` զայն հասկնալու, ապրելու եւ իր ժամանակի պահանջներուն համապատասխան գործի վերածելու:

Այսօր, երբ կը խօսինք 136 տարիներու մասին, չենք խօսիր միայն այն մարդոց մասին, որոնք պատմութիւն կերտեցին: Կը խօսինք նաեւ անոնց մասին, որոնք պատմութիւնը փոխանցեցին: Անոնց մասին, որոնք հայրենիքէն հեռու պահեցին իրենց լեզուն, իրենց երգը, իրենց դպրոցը, իրենց միութիւնները: Անոնց մասին, որոնք հաւատացին, թէ հայ մնալը միայն ծնունդով տրուած հանգամանք մը չէ, այլ` գիտակցաբար ապրուող ընտրութիւն: Եւ հիմա հերթը մերն է:

Մենք չենք ընտրած այն ժամանակաշրջանը, որուն մէջ ծնած ենք, ինչպէս նախորդ սերունդները չէին ընտրած իրենցը: Բայց մենք կրնանք ընտրել, թէ ի՛նչ պիտի ընենք մեզի հասած ժառանգութեամբ: Անցեալի յուշերուն հանդիսատե՞սը պիտի մնանք, թէ՞ պիտի դառնանք մեր ժամանակի պատմութեան մասնակիցները: Պիտի բաւարարուի՞նք յիշելով, թէ՞ պիտի ստեղծենք յիշելու արժանի նոր էջեր:

Իրականութիւն է, որ պատմութիւնը երբեք ամբողջացած չէ:  Ան կը շարունակուի իւրաքանչիւր սերունդի հետ, իւրաքանչիւր որոշումի, իւրաքանչիւր նուիրումի եւ իւրաքանչիւր գործի մէջ: 136 տարի առաջ բոցավառած գաղափարը այսօր մեզի կը հասնի ոչ իբրեւ անցեալի արձագանգ, այլ իբրեւ հարցադրում` ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր բաժինը այս պատմութեան մէջ:

Կազմակերպութիւններ, միութիւններ, կուսակցութիւններ, կը նշեն իրենց հիմնադրութեան թուականները: Բայց գաղափարները կը չափուին անոնցմով, որոնք կը շարունակեն հաւատալ, գործել, քարոզել եւ դաստիարակել ներկայիս եւ եկող սերունդները:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը` Մեր Պայքարը, Մեր Յանձնառութիւնը, Մեր Ապագան

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը` Մեր Պայքարը, Մեր Յանձնառութիւնը, Մեր Ապագան
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը` Մեր Պայքարը, Մեր Յանձնառութիւնը, Մեր Ապագան

November 27, 2026
ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

136 Տարի. Սերունդներու Նուիրում Եւ Հաւատք

November 27, 2026
«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ
ԼԵՄ-ի ԷՋ

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ

October 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։