Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 136-ամեակը: 136 տարուան զոհողութիւն, անդադար աշխատանք, դիմադրութիւն եւ անկոտրում կամք: Թիֆլիսի մէջ հաստատուելով հանդերձ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ընդարձակեց իր գործունէութիւնը եւ հասաւ աշխարհի ամբողջ տարածքին: Ան հասաւ հոն, ուր կը գտնուին հայկական տուներ, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ: Օտար երկիրներու մէջ կամ նոյնիսկ հայրենի հողին վրայ ան մնաց արդարութեան ջատագովը:
Ժամանակակից աշխարհին հետ քայլ պահելով, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հաւատարիմ մնաց իր որդեգրած ուղեգիծին: Ան օգտագործեց սուրը, բահը եւ գրիչը` յանուն մէկ եւ արդար տեսլականի: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը գոյատեւեց, որովհետեւ ան պարզապէս քաղաքական շահեր հետապնդող կուսակցութիւն մը չեղաւ, այլ ժողովուրդին կողմէ հիմնուած ժողովուրդին ծառայելու հիմնական պահանջ դարձաւ:
Եւ այստեղ է բուն էութիւնը, թէ ինչո՛ւ 136 տարիներու ընթացքին հաստատ մնաց այս կուսակցութիւնը: Զանազան փոթորիկներու դէմ ան յաջողեցաւ գոյատեւել` շնորհիւ այն իրերայաջորդ սերունդներուն, որոնք հաւատացին ՀՅԴ-ի գաղափարին, միասնական աշխատանքին եւ երիտասարդութեան ուժին:
ՀՅԴ-ի առաքելութիւնը անվերջ է եւ աննահանջ: Այսօր ՀՅԴ-ն կանգնած է նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Արցախի ժողովուրդը տեղահանուած է իր բնօրրանէն, Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով բանտարկուած են հայ գերիներ եւ խարխլած են Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները: Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները յանձնուողական քաղաքականութիւն կիրարկելով` կը դիմեն նորանոր զիջումներու եւ պարտութիւններու: Անոնք խաղաղութեան անուան տակ կը մոլորեցնեն ժողովուրդը եւ կը խլեն անոնց արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը:
Եւ ահա այստե՛ղ է ՀՅԴ-ի ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը` ո՛չ ըսելու բռնատիրութեան, ստրկութեան, յանձնուողական եւ զիջումնային քաղաքականութեան: Ձեռնածալ չմնալ, այլ` դիմադրել եւ պայքարիլ` յանուն արդար դատի հետապնդման եւ նպատակներու իրականացման:
Աւելի՛ն. այսօր ոմանք ամպիոնին ետին թաքնուած` յանդուգն կերպով կը փորձեն հարուածել Դաշնակցութիւնը` զայն արմատախիլ ընելու կոչեր ուղղելով: Դժբախտաբար անոնք տակաւին չուզեցին հասկնալ, թէ այդ բոլոր յայտարարութիւնները ի զուր են: Դաշնակցութիւնը փորձած են արմատախիլ ընել կայսրերը, ցարերը եւ բռնակալ պետութիւնները, սակայն անոնք ձախողած են, որովհետեւ տակաւին կը գոյատեւէ այս կուսակցութիւնը աւելի՛ ուժեղ եւ աւելի՛ վճռական, բազմաբեղուն աշխատանքներով եւ ազգային դաստիարակութեամբ թրծուած նոր սերունդներով:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ը` իբրեւ այս կուսակցութեան երիտասարդ բազկերակը, հաւատարիմ պիտի մնայ 136 տարուան հարթած ուղիին: Ան պիտի մնայ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան պողպատեայ վահանը եւ արդար դատի հետապնդման անկեղծ զինուորագրեալը:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ


