Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած կարճ ուղերձի մը ընթացքին իր խօսքը լիբանանցիներուն «եւ սիրելի բարեկամներուս» ուղղելով ըսաւ. «Մեր հասարակաց երկար պատմութեան լոյսին տակ, ձեր երկիրը սրտիս ու մեր քաղաքացիներու սրտին մօտիկ է, եւ իւրաքանչիւր փորձութեան ընթացքին մենք ձեր կողքին կը կանգնինք»` նշելով. «4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն երկու օր ետք Լիբանան եկայ` լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ Ֆրանսայի հաստատ զօրակցութիւնը արտայայտելու համար»:
«Այսօր անգամ մը եւս երկիրը տխրութեան ու վախի մէջ կ՛ապրի: Տխրութիւնը բոլոր քաղաքային զոհերուն համար, որոնք արձանագրուեցան այս շաբաթ յարձակումներուն ընթացքին, եւ վախ ձեր վրայ ազդող տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային տագնապներէն. այսօր անոնց վրայ կ՛աւելնայ պատերազմի նկատմամբ վախը», ըսաւ Մաքրոն:
«Ընդգծեցի, որ պէտք է պաշտպանել Լիբանանը եւ խուսափիլ պատերազմէն, եւ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները եւս պէտք է այդ ուղղութեամբ աշխատին: Դիւանագիտական հոլովոյթը կայ, եւ պահանջուած է, եւ Ֆրանսան անոր հաստատման համար կ՛աշխատի», շեշտեց Ֆրանսայի նախագահը:
«Մագլցումը ոչ ոքի շահերէն կը բխի, եւ պէտք է Լիբանանի ապահովութիւնը, անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ոչ մէկ բանի, ո՛չ շրջանային արկածախնդրութեան, ո՛չ սեփական շահի մը, ո՛չ որեւէ դատի համար, ինչ ալ ըլլայ այդ, կ՛արժէ Լիբանանի մէջ հակամարտութիւն հրահրել»:
«Այսօր աւելի քան երբեք, այս պահուս կարիք ունիք նախագահի մը, որ կը ստանձնէ մարտահրաւէրներուն դէմ երկիրի ղեկավարումը», ընդգծեց Ֆրանսայի նախագահը` նշելով. «Գիտեմ, որ շփոթահարութեան եւ տխրութեան վիճակին մէջ յոյսը սակաւ գտանելի կ՛ըլլայ: Ֆրանսան թէ՛ այս շփոթահարութեան եւ թէ՛ այս տխրութեան մէջ ձեր կողքին կը կանգնի, որովհետեւ պատերազմը անխուսափելի չէ, եւ Ֆրանսան պիտի չդադրի ըսելէ, որ Լիբանանի ապագան պէտք է Լիբանանի մէջ եւ լիբանանցի ժողովուրդին կողմէ գրուի»:


