Սպիտակ տունը յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու Իրանի աջակցութիւնը վայելող բոլոր սպառնալիքներուն, ներառեալ Հըզպալլայի դէմ դիրքորոշումը հաստատ է, եւ մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ ներկայ մագլցումին այլընտրանք եղող դիւանագիտական լուծումի մը որոնումին վրայ, որ քաղաքայիններուն տունդարձը կ՛արտօնէ»:
«Կը կարծենք, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը պիտի հանդարտեցնէ շրջանին մէջ լարուածութիւնը, եւ կը շարունակենք Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Իսրայէլի հետ աշխատիլ` Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ պատանդներու ազատ արձակման հասնելու համար», նշեց Սպիտակ տունը:
«Միջին Արեւելքի մէջ հաւանական մագլցումին նկատմամբ մտավախութիւն եւ մտահոգութիւն կը զգանք», աւելցուց Սպիտակ տունը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախքան այդ յայտնած էր. «Շրջանին մէջ մագլցում չենք ուզեր, եւ դիւանագիտութիւնը հազարաւոր լիբանանցիներու եւ իսրայէլացիներու պիտի արտօնէ իրենց տուները վերադառնալ, սակայն յանձնառու ենք Իսրայէլը Հըզապլլայի եւ Իրանի գործակատարներու վտանգէն պաշտպանելու»:


