Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Իսրայէլ Լիբանանի Մէջ Արագ Գործողութեան Շղթայազերծում Կրնայ Հրամայել, Իսկ Ուաշինկթըն Իր Քաղաքացիներու Կիպրոս Տեղափոխման Ծրագիրներ Մշակած Է

Սեպտեմբեր 20, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են. «Ուաշինկթըն ամերիկացիներ եւ ոչ զինեալ ուրիշներ Լիբանանէն հեռացնելու ծրագիրներ մշակեց»:

«Այդ ծրագիրներէն մէկը կը ներառէ շուրջ 50 հազար տեղաբնակ ամերիկացի քաղաքացիներու եւ անոնց ընտանիքներու Կիպրոս տեղափոխումը», նշած են պաշտօնատարները:

Օրաթերթը հաղորդեց, որ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութենէն բանբեր մը այս առումով ըսած է. «Ուաշինկթըն պէտք է կղզիին մէջ տեղափոխման վայրի օգտագործման պաշտօնական դիմում ներկայացնէ»:

Միւս կողմէ, ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան օրաթերթին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի` Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթին հեռաձայնելէն ետք ստացած տպաւորութիւնը այն է, որ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ զինուորական նոր ընտրանքներ կը սերտէ»:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» յիշեցուց, որ «Լիբանանի հարցով ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ երկուշաբթի օր իր հանդիպումին ընթացքին անոր կոչ ուղղեց Հըզպալլայի դէմ պատերազմի շղթայազերծման հրաման չտալու»:

Ըստ օրաթերթին, ամերիկացի պաշտօնատարներ ըսած են. «Մինչեւ հիմա Լիբանան իսրայէլեան ներխուժման մօտալուտութեան վերաբերեալ պահեստի զինուորներու զօրակոչի ենթարկման նման ցուցանիշներ չկան»:

«Իսրայէլ կրնայ հրամայել արագ ու փոքր գործողութիւն մը` առանց զինուորական մեծ շարժումներու», նշած են անոնք:

Ամերիկացի պաշտօնատարները նաեւ աւելցուցած են. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը մտահոգ է Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ցամաքային պատերազմի ծագման հաւանականութենէն»:

 

 

Նախորդը

Քըրպի. «Լիբանանի Մէջ Յարձակումներուն Չմասնակցեցանք, Եւ Մասնակից Ենք Պատերազմի 2-րդ Ճակատի Բացման Կանխարգիլման Դիւանագիտութեան»

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Չենք Կրնար Հըզպալլայի Հետ Առաջուան Նման Խօսիլ, Որովհետեւ Ուժեղ Հարուած Մը Ստացաւ, Ինչ Որ Անոր Հակադարձութիւնը Կը Դարձնէ Անհրաժեշտ»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?