Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարսելոնայէն Լուրեր

September 19, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ «Աս» կայքին, Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Չաւի Հեռնանտես կը կարծէ, թէ Քաթալոնիոյ ակումբը կը կազմակերպէ արշաւ մը, որուն նպատակն է Պարսելոնայի հետ իր աշխատանքը վարկաբեկել եւ գովաբանել գործունէութիւնը գերմանացի մարզիչ Հանս-Տիթըր Ֆլիքի, որուն հետ այժմ Պարսելոնա կը գրաւէ «Լա լիկա»-ի առաջին դիրքը:

Չաւիին մասնաւորապէս ցաւ պատճառած են միջնապահ Փետրիի խօսքերը: Վերջինս յայտարարած էր, թէ վերջերս Ֆլիքի հետ ֆութպոլիստները սկսած են աւելի շատ աշխատիլ ֆիզիքական պատրաստութիւններուն վրայ, եւ այժմ անոնք կարող են մրցումի նոյն ընթացքը պահել մինչեւ աւարտը:

Չաւի 2021-էն 2024 կը մարզէր Պարսելոնան:

Մինչ այդ, Պարսելոնա վստահ է, որ նոր պայմանագրութիւն կրնայ կնքել Փետրիի հետ:

Կը նշուի, թէ Փետրի շատ ուրախ է Ֆլիքի ժամանումէն ետք: Յստակ էր, որ Փետրի նախկին մարզիչ Չաւիի օրերուն խնդիրներ ունեցած էր մարզիչին հետ եւ կը մտածէր փոխել ակումբը պայմանագրութեան աւարտին:

Փետրի այս տարեշրջանին Պարսելոնայի հետ կատարած է 5 մրցում եւ նշանակած 2 կոլ:

Պարսելոնայի 21 տարեկան միջնապահ Ֆերմին Լոփես, որ վիրաւորուած էր եւ սկսած թեթեւ փորձերու, մկանային այլ վնասուածք` ստացաւ` աւելի եւս ուշացնելով իր վերադարձը:

Ֆերմին, որ երիտասարդներու հաւաքականին հետ վիրաւորուած էր, սեպտեմբերի սկիզբը սկսած էր թեթեւ փորձերու եւ կը սպասուէր, որ մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ պատրաստ ըլլար դաշտ ներկայանալու: Ան այժմ պէտք ունի 3 այլ շաբաթներ յետաձգելու վերադարձը, լաւապէս ապաքինելէ ետք:

 

Նախորդը

Ա. Էս. Ռոմա Պաշտօնանկ Ըրաւ Տը Ռոսին

Յաջորդը

Անգլիոյ Լիկայի Բաժակ. Մանչեսթըր Եունայթըտ 7 Կոլ Նշանակեց Պարնզլիի Դէմ

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.