Իտալիոյ մայրաքաղաքի ակումբ Ա. Էս. Ռոման պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Տանիելէ Տը Ռոսին, խումբին ձախող արդիւնքներէն ետք:
Ռոմա այժմ մօտ է նոր մարզիչ նշանակելուն, եւ թիւ 1 թեկնածուն է Թորինոյի նախկին գլխաւոր մարզիչ Իվան Եուրիչ:
Տը Ռոսի յունուարէն ի վեր կը գլխաւորէր Ռոման, եւ անոր հետ խումբը «Սերի Ա.»-ն աւարտեց 6-րդ դիրքին վրայ: Սակայն այս տարեշրջանին Ռոմայի արդիւնքները նախաձեռնելի չեն, եւ ակումբը 3 կէտ հաւաքած է 4 մրցումներու ընթացքին` գրաւելով 16-րդ դիրքը: