Անգլիոյ Լիկայի բաժակի Գ. հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ 7-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Բ. դասակարգի Պարնզլին: Մարքուս Ռաշֆորտ (2), Անթոնի, Կառնաչօ (2) եւ Քրիսթիան Էրիքսըն (2) նշանակեցին «կարմիր սատանաներ»-ուն 7 կոլերը:
Ֆուլհամ դուրս մնաց` փենալթիներով պարտուելէ ետք Փրեսթընէն: Սաութհեմփթըն իր կարգին փենալթիներով դուրս ձգեց Էվըրթընը վերջինիս դաշտին վրայ, մինչ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Քրիսթըլ Փելեսէն:
Ստորեւ արդիւնքները.
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պարնզլի 7-0
Պրենթֆորտ – Լէյթըն Օրիընթ 3-1
Պլեքփուլ – Շեֆիլտ Ուենզտէյ 0-1
Փրեսթըն – Ֆուլհամ 2-1
Էվըրթըն – Սաութհեմփթըն 1-2
Սթոք Սիթի – Ֆլիթվուտ 2-1
Գ. հանգրուանին մնացեալ մրցումները տեղի կ՛ունենան 24-25 սեպտեմբերին` հետեւեալ ժամանակացոյցով.
Մանչեսթըր Սիթի – Ուաթֆորտ
Լիվըրփուլ – Ուեսթ Համ
Արսենալ – Պոլթըն
Ուիքոմպ – Ասթոն Վիլա
Ուոլսոլ – Լեսթըր Սիթի
Պրայթըն – Վուլվզ
Ուիմպըլտըն – Նիւքեսըլ
Չելսի – Պարոու
Քովենթրի – Թոթենհամ