Իտալացի մասնագէտ մարզիչ Սթեֆանօ Փիոլի երէկ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց միանալու Սէուտական Արաբիոյ Նասր խումբին:
58 տարեկան Փիոլի, որ Ա. Սէ. Միլանը կը մարզէր 2019-էն 2024, միացաւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Նասրին, որ 5 կէտ կրցած է ձեռք ձգել Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան առաջին 3 հանգրուաններէն ետք:
Նասր, որ Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի առաջին մրցումին ալ հաւասարութիւն ձեռք ձգեց Իրաքի Շորթային հետ, պաշտօնանկ ըրաւ փորթուգալցի Լուիս Քասթրոն եւ ձեռք ձգեց Փիոլին, որ նախապէս մարզած է նաեւ Ինթեր Միլանը եւ Ֆիորենթինան: