ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Սիլվարդ Քէօհիւլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մովսէս եւ Ալին Քէօհիւլեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Վարուժ եւ Ռոզալին Պասմաճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Մանօ եւ Լիա Կիւլվէքճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Գարոլին Գազանճեան եւ ընտանիք
Օրիորդ Թամար Քէօհիւլեան
Տէր եւ տիկին Շմաւոն եւ Սրբուհի Օհանեան եւ զաւակները` Քարոլին, Ստեփան, Րաֆֆի եւ Անդօ
Տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Փաթրիսիա Սամուէլեան եւ զաւակները` Սիլվիա եւ Սերենա
Տէր եւ տիկին Արամ եւ Լիզա Սամուէլեան եւ զաւակները` Թանիա, Նաթալի եւ Քրիսթին
Տէր եւ տիկին Կարապետ եւ Ովսաննա Սամուէլեան եւ դստերք
Տիկին Հռիփսիմէ Գրիգորեան եւ զաւակունք
Տիկին Ֆրանսուհի Աշգարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Լիանա Աշգարեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Թամար Աշգարեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Գեղամ եւ Գոհար Պօղոսեան եւ ընտանիք
Սամուէլեան եւ Քէօհիւլեան ընտանիքներ
Օհանեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներ
Աշգարեան եւ Պասմաճեան ընտանիքներ
Կիւլվէքճեան եւ Գազանճեան ընտանիքներ
Պօղոսեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, եղբօրորդիին, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԵՐՋՕ ՓԱՆՈՍ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2024-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 19 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 20 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Զուարթնոց» կեդրոնին:
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՂՈՒՄ
ՏԻԱՐ ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆԻ
Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ` Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանն ու թեմիս Ազգային իշխանութիւնները խոր ցաւով կը գուժեն ազգային բարերար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Իշխան»-ի կարգի շքանշանակիր`
ՏԻԱՐ ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2024-ին:
Հանգուցեալին ազգային թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2024-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:
Այս տխուր առիթով, մեր խորին վշտակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան բոլոր պարագաներուն ու բարեկամներուն:
«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
—————————————
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնի 2024-2025 կրթական տարեշրջանի դասաւանդութիւնները պիտի սկսին երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2024-ին, նորահաստատ Խորէն Ա. կեդրոնին մէջ, Ֆանար:
Կրթական եռամեայ ծրագիրը կ՛ընդգրկէ հայերէն լեզու եւ գրականութիւն, հայերէն քերականութիւն, գրական գիտելիքներ, գրաբար, հայոց պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, մատենագիտութիւն, բանահիւսութիւն, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայ մշակոյթի պատմութիւն, ընդհանուր հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն եւ ժամանակակից հայոց պատմութիւն:
Այս տարեշրջանին պիտի ստեղծուի առցանց դասաւանդութիւններու դրութիւն` սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն համար: Դասաւանդութիւնները տեղի պիտի ունենան ամէն երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, երեկոյեան ժամը 5:00-7:30 (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Նիւթերը կը դասաւանդուին սփիւռքէն եւ հայրենիքէն փորձառու ու վաստակաւոր ուսուցիչներու եւ յատուկ հրաւէրով կեդրոն ժամանող մասնագէտներու կողմէ:
Դասաւանդութիւններուն կանոնաւոր հետեւողները եռամեայ ծրագիրի աւարտին կը ստանան համապատասխան վկայագիր:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04 410 001 եւ 03 713 897 թիւերուն, կամ կապ հաստատել aharonshekerdemian@gmail.com հասցէին:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
—————————————
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2024-2025 ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Այսու կը ծանուցենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, 2024-2025 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւններու համար, իր դռները բացած է եւ նոր սաներ կ՚ընդունի մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2024։ Հետեւաբար, բոլոր այն պատանիները, որոնք 12 տարեկանը բոլորած են եւ կը փափաքին իրենց ուսումը շարունակել դպրեվանքին մէջ թող բարեհաճին դիմել Դպրեվանքի տեսչութեան՝ հեռաձայնելով 71 912 832 թիւին։
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 104-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՄԱՏԱՂԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 12 հոկտեմբեր 2024-ին:
Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն, որ իրենց մատաղցու ոչխարը կամ նուիրատուութիւնները փոխանցեն Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գրասենեակ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդատուն կամ շրջող հանգանակիչներուն:
ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիար Պետիկ Թազեան եւ զաւակը` Յակոբ, շնորհակալութիւն կը յայտնեն ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, առցանց միջոցներով մասնակից եղան իրենց կնոջ եւ մօր` ԱՆԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԹԱԶԵԱՆի մահուան սուգին: