Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վկայութիւնս Աստուծոյ Ծառայ Կարտինալ Աղաճանեանի Մասին

Սեպտեմբեր 12, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Սոյն տողերը գրող համեստս` Աարգիս որդի Պետրոսի Քէշիշեան, ծնած է Դամասկոս, Սուրիա, 1934 թուականին: Ուզեցի վկայութիւնս տալ սրբակենցաղ հոգեւորական, Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի մասին, որուն երանացման ու սրբադասման դատը ընթացքի մէջ է եկեղեցւոյ մեծաւորներուն կողմէ:

Ամբողջ գիտակցական կեանքիս ընթացքին կարտինալ Աղաճանեանը եղած է ինծի եւ շա՜տ ու շատ հայ հաւատացեալներու համար տիպար հոգեւորական մը, որուն բարեսրտութեան, առաքինութեան ու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար տարած աշխատանքներու լուրերը կը տարածուէին ամէնուրեք: Բոլորս կը զգայինք, որ ունէինք շնորհալի հայրապետ մը, որուն բարի գործերուն արձագանգները կը հասնէին ամէն տեղ: Ընտանիքի անդամներով մօտիկ ըլլալով եկեղեցւոյ` իբրեւ երգչախումբի ու ՀԿՄ-ի անդամներ, միշտ տեղեակ եղած ենք մեր վարդապետներէն, որոնք մօտէն ճանչցած են  երանաշնորհ կարտինալը, անոր բարի գործերուն, եկեղեցաշինութեան, աղքատներուն ու տկարներուն կատարած օգնութիւններուն ու բոլորին հանդէպ հայրական գորովին մասին: Իմացած էինք նաեւ մեծ հայրենասիրութեան մասին հոգեւոր տիրոջ, որ բազում անգամներ իր հրապարակային ելոյթներուն մէջ ամբողջ աշխարհին առջեւ բացայայտած էր հայ ազգի կրած մեծ տառապանքներն ու Ցեղասպանութեան զոհ դառնալը: Ահա ի՛նքն է, որ 1939-ին պատրիարքարանի բակին մէջ կը կանգնեցնէ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած առաջին յուշակոթողը: Փոքր տարիքէս իմանալով այս բոլորը` խորունկ ակնածանք ունէի այս մեծ հոգեւորականին հանդէպ:

Առաջին անգամ 1946 թուականին էր, որ առիթ ունեցայ տեսնելու կարտինալ Աղաճանեանը: Այդ օրերուն մեկնեցանք Պէյրութ, Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ երիտասարդաց միութեան նորակազմ սկաուտախումբի անդամներուն հետ` գլխաւորութեամբ մեր սկաուտապետ Գէորգ Պուրունսուզեանին, մասնակցելու նորանշանակ կարտինալի ժողովրդային դիմաւորութեան: Սկաուտական լման տարազով մենք ալ մեր բաժինը ունեցանք  այդ տօնական ուրախութեան, զոր համայն հայութիւնը եւ մանաւանդ Լիբանանի հայութիւնը իր բոլոր հատուածներով կ՛ապրէր, ի տես բոլորին սիրելի հոգեւոր տիրոջ նշանակման` Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բարձրագոյն  պաշտօնին վրայ: Յիշողութեանս մէջ կը մնայ ինքնաբուխ երգ մը, զոր մեզի սորվեցուցած էր հանգուցեալ Գէորգ Պուրունսուզեանը այս բարեբաստիկ առիթով:

Երգի բառերը, զորս կը յիշեմ.
Աղաճանեան կարտինալ մեր,
Ապրի երկար տարիներ,
Ապրի անոր շուքին տակ
Կաթողիկէ մեր համայնք:

Փա՛ռք ու պատուի  արժանի,
Հանճարեղ առաքինի,
Արեւելքի սիրելի,
Ծիրանաւոր պանծալի:

Մեր ընտանեկան հանդիպումներուն եւ սկաուտական հաւաքներուն մեծարանքով ու օրհնանքով կը յիշուէր կարտինալին անունը: Մեծագոյն ցնծութիւնը ապրեցանք, երբ 1955 թուականի աշնան կարտինալը հովուական այցելութեամբ ժամանեց  Դամասկոս` արժանանալով ժողովրդային ու պետական մեծ ընդունելութեան: Այդ ժամանակ արդէն բոլորս գիտէինք, թէ ինչպէ՛ս Աղաճանեան հոգեւոր տիրոջ կատարած աշխատանքի ու կարեւոր միջամտութիւններու շնորհիւ կարելի եղած էր փրկել Քեսապի շրջանը, վերացնել թրքական տիրապետութիւնը ու զայն պահել Սուրիոյ սահմաններէն ներս` կարելիութիւնը ստեղծելով  բնիկ հայերուն շարունակելու իրենց կեանքը հայրենի հողին վրայ, Սուրիոյ հոգատար իշխանութեան ներքեւ: Ահա այդ պատճառով ու այն մեծ հեղինակութեան համար, զոր կը վայելէր երանաշնորհ կարտինալը, Սուրիոյ օրուան նախագահ Շուքրի Քուաթլին զայն պարգեւատրեց Սուրիոյ բարձրագոյն շքանշանով` առ ի երախտագիտութիւն հոգեւոր տիրոջ մեծ ծառայութեան սուրիական հայրենիքին: Ամբողջ դամասկահայութիւնը այդ օրերուն կ՛ապրէր հրճուանքը Աղաճանեանի օրհնաբեր այցելութեան: Բոլորս կը զգայինք, որ կը գտնուինք մեծապէս բարի, համեստ ու ազնիւ հայրապետի մը առաջ: Լիբանանէն Դամասկոս ճամբուն վրայ ես ալ գտնուած եմ հոգեւոր տէրը դիմաւորողներուն մէջ ու նկարած զինք, երբ ինքնաշարժէն իջնելով` կ՛ողջունէր հաւատացեալները 11 հոկտեմբեր 1955-ին: Ահա այս առիթով վարպետս` Ժոզեֆ Մելիքեան, որուն ակնոցի վաճառատան մէջ կ՛աշխատէի, հարցուց ինծի` չէի՞ր ուզեր, որ բժշկական ակնոց մը նուիրէինք կարտինալին. մինչ այդ ըսեմ, որ վարպետս առաքելական համայնքի զաւակ էր, սակայն շատ լաւ գիտէր Աղաճանեան կարտինալի մասին: Ես անշուշտ մեծ ուրախութեամբ ընդունեցի այս առաջարկը ու քանի մը ակնոցի շրջանակներ առնելով` ուղղուեցայ մեր եկեղեցին ու օրուան ժողովրդապետ հայր Պետրոս Ադամեանին յայտնեցի մեր փափաքը` ակնոց մը նուիրելու հոգեւոր տիրոջ: Հայր Պետրոսի ընկերակցութեամբ ներկայացայ  կարտինալին, կատարեցինք շրջանակի ընտրութիւնն ու բժշկական թիւերու հաստատումը, ապա ուղղուեցայ մեր վաճառատունը, գործի անցայ` պատրաստելու պէտք եղած ակնոցները: Բաւական դժուարութեամբ ու մինչեւ կէս գիշեր աշխատելով` ի վերջոյ յաջողեցայ աւարտել աշխատանքը: Յաջորդ առաւօտ մեծ ուրախութեամբ ակնոցը յանձնեցի հոգեւոր տիրոջ, որ շնորհակալութեամբ ընդունեց, ու երկար տարիներ նոյն այդ ակնոցն էր, զոր կարտինալը կը կրէր, եւ այսօր ալ անոր շատ մը  նկարներուն մէջ կ՛երեւի անիկա: Իրապէս ինծի համար մեծ պատիւ էր, ուրախութիւն ու յիշարժան դէպք` կարտինալին ակնոց պատրաստելս, անջնջելի կերպով դրոշմուած յիշողութեանս մէջ,քանի որ կը զգայի, ինչպէս` շա՜տ շատերը, որ կարտինալը մեծութիւն մըն էր, օրհնուած անձնաւորութիւն մը:

Այնուհետեւ, տարիներու ընթացքին միշտ ալ առիթներ ունեցայ կարդալու ու հետեւելու Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքին աստուածահաճոյ գործունէութեան մասին: 1959-ին ՀԿԵՄ-ի անդամներով մեկնած էինք Լիբանան` ուխտագնացութեան: Զմմառու վանքին մէջ առիթ ունեցանք ներկայանալու կարտինալին: Ահա այն պահուն, երբ մենք խմբովին ծունկի իջած էինք հայրապետին առաջ` ստանալու անոր օրհնութիւնը, ես այդ վայրկեանին նոյնպէս ծունկի իջած լուսանկարեցի հոգեւոր տիրոջ` ստանալով տպաւորիչ լուսանկար մը: Տարիներ ետք` 1996-ին, նոյն այդ լուսանկարին հիման վրայ, կարտինալ Աղաճանեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, Դամասկոսի ՀԿՄ-ի խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, պատրաստուեցան պղնձեայ գեղեցիկ յուշանուէրներ, որոնց վրայ նաեւ արձանագրուած էր անոր գեղեցիկ խօսքը. «Իւրաքանչիւր հայ բեկոր մըն է հայրենիքի»: Ասիկա` իբրեւ Ս. Ծննդեան նուէր, բաժնուեցաւ համայնքի զաւակներու տուները, միութեան պատանիներու կողմէ, աւետելով Փրկիչին ծնունդը ու միեւնոյն ժամանակ օրհնաբեր յուշանուէրը հասցնելով բոլորին:

Այսպէս, կը վայելէինք կարտինալի ծրագիրներու պտուղները: Հայրապետին հիմնած «Մասիս» շաբաթաթերթը դարձաւ բոլորիս կողմէ սիրուած ու  փնտռուած, «Աւետիք» պաշտօնաթերթին կողքին: «Մասիս»  համայնքային ու ազգային լուրջ լրատու մըն էր, հմուտ խմբագիրներու Հրաչ Քաջարենցի ու Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի հսկողութեան տակ: Կ՛իմանայինք, որ մեր ծիրանաւոր  կարտինալը լրջագոյն թեկնածուն է ընտրուելու պապ` յաջորդելու  Յովհաննէս 23-րդ քահանայապետին: Ափսո՜ս, սակայն, այդ մէկը չիրականացաւ զանազան պատճառներով: Հպարտութեամբ կը լեցուէինք, սակայն, լսելով  պատուաբեր ու պատասխանատու պաշտօններու մասին, որոնք կարտինալին կը վստահուէին Հռոմի մէջ` Հաւատոյ տարածման Ս. ժողովի փոխնախագահ, ապա առաջին ատենավար Վատիկանի Բ. ժողովին, 1963 թուականին ու բազմաթիւ այցելութիւնները զանազան երկիրներ, ուր միշտ ընդունուած էր իբրեւ սիրոյ ու համերաշխութեան առաքեալ:

Մեծ ցաւ էր բոլորիս համար լսել հայրապետին վախճանման լուրը մայիս 1971-ին: Մեծ կորուստ էր ոչ միայն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, այլ նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար, սակայն գիտէինք, որ երկինքի արքայութեան մէջ հայ ազգի համար բարեխօս մը կ՛ունենայինք:

Նախախնամական եղաւ, որ զանազան առիթներ ունեցայ` մասնակից դառնալու կարտինալի յիշատակին կազմակերպուած զանազան ձեռնարկներու: 1995-ի օգոստոս 6-ին մասնաւորապէս մեկնեցանք Քեսապ ընտանիքիս անդամներուն հետ` մասնակցելու Աղաճանեան կարտինալի նուիրուած յիշատակարանի բացման հանդիսութեան, անոր ծննդեան 100-ամեակին առթիւ, Քեսապի Ս.Միքայէլ եկեղեցւոյ բակին մէջ: Հոգելոյս Յակոբ վրդ. Ղարիպեան խնդրած էր, որ օգնենք տեղւոյն երգչախումբին ու ՀԿՄ-ի անդամներուն` ձեռնարկի կազմակերպման համար: Յիշարժան հանդիսութիւն էր` ներկայութեամբ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս Գասպարեան հոգեւոր տիրոջ, շրջապատուած բարձրաստիճան հոգեւորականներով: Այնտեղ էր Մեսրոպ վրդ. Ճուրեան` ծրագիրի մտայղացողը: Ան իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս հաստատեց Աղաճանեան կարտինալի  մեծագոյն  դերը Քեսապը փրկելու ու Սուրիոյ հայրենիքին մէջ պահելու գործին մէջ: 1996-ին ես ու կինս մասնակից դարձանք ուխտագնացութեան, զոր կազմակերպած էր հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը` երանաշնորհ կարտինալի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ: Միանալով ուխտաւորներու խումբին, զոր կ՛առաջնորդէին մեր հոգեւոր հայրերը, մեկնեցանք մայր հայրենիք, ապա Վրաստան, Սուխլիս` ծննդավայրը  հայրապետին: Հոգեպարար արարողութիւններով, ս. պատարագներով ու աղօթքներով կատարուեցաւ նշումը յոբելեարին ծննդեան: Մեծ սիրով ու հիւրասիրութեամբ ընդունուեցանք մեծ հայրապետի ծննդավայրին մէջ  ու  անջնջելի տպաւորութիւններով վերադարձանք մեր քաղաքը` մեր սրտերուն մէջ  զգալով, թէ ինչպիսի՛ մեծութիւն մըն էր Աղաճանեան, մեծ` իր համեստութեամբ ու հաւատացեալ ժողովուրդին սիրելին դարձած: Նաեւ այս ուխտագնացութեան ժամանակ իմացանք, թէ ինչո՛ւ «Լեռներ հայրենի» երգը այդքան սիրելի էր հայրապետին համար, ա՛յն հայրենի լեռները իր ծննդավայրին, ուր չկարողացաւ այցելել խորհրդային կարգերու ստեղծած արգելքներուն պատճառով:

Այդ երգը` «Լեռներ հայրենի», երգած եմ բազմաթիւ անգամներ, զանազան առիթներով, միշտ ալ յիշեցնելով ունկնդիրներուն, որ մեր կարտինալին սիրած երգն էր: Նոյնպէս Դամասկոսի «Քնար» երգչախումբի ընկերակցութեամբ ալ երգած` միշտ ի մտի ունենալով Երանաշնորհ Աղաճանեան կարտինալը:

Այսօր, երբ Աստուծոյ ծառայ Աղաճանեան կարտինալի երանացման ու սրբացման դատը ընթացքի մէջ է, ու մեր Հայ կաթողիկէ եկեղեցին պատշաճ կերպով կը հետեւի   այս պատմական իրադարձութեան զանազան հրատարակութիւններով ու լսատեսողական լուսաբանումներով, եւ իրարու կը յաջորդեն յուշ- երեկոներ ու աղօթքի պահեր` այս դիտաւորութեան, հայ կաթողիկէ զանազան թեմերու եկեղեցիներու մէջ, կը մաղթեմ, որ Ընդհանրական եկեղեցւոյ հայրերը, որոնք կը քննեն այս դատը, Ս. Հոգիի ներշնչումով  դրական արդիւնքի հասնին, ու հնչէ այնքան սպասուած պահը երանացման հայ ծիրանաւորին:

Երբ կը մտորեմ Աղաճանեան կարտինալին  մասին, ի մտի կ՛ունենամ հօրեղբայրս` Սահակ վրդ. Քէշիշեանը, անդամ` Յիսուսեան միաբանութեան,որ նոյնպէս անբասիր հոգեւորական մըն էր` յայտնի իր բարի գործերով որպէս կրթական մշակ, թարգմանիչ ու ծառայասէր վարդապետ: Ան` որպէս տնօրէն Յիսուսեան հայրերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանի, որ կը գտնուի կից պատրիարքարանի, շատ լաւ կը ճանչնար կարտինալը ու մեծ ակնածանք ունէր անոր հանդէպ: Վստահաբար երկինքի արքայութեան մէջ սիրելիները կ՛աղօթեն մեզի համար, դժուար ու մտահոգիչ այս օրերուն:

Համեստ վկայութիւնս կու տամ` հայցելով Աստուծոյ ծառայ հոգելոյս Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքի բարեխօսութիւնը բոլորիս համար:

 

 

Նախորդը

Այնճարի Տնտեսութեան Գլխաւոր Երեք Բնական Հիմնասիւները

Յաջորդը

Ֆապիան Ռուիս Կրնայ Միանալ Ռէալ Մատրիտին

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?