Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ճակատումը հասաւ շատ վտանգաւոր մակարդակի, եւ Միջին Արեւելքը անգամ մը եւս հասաւ շրջանային մեծ պատերազմի մը եզրին»: Ան աւելցուց, որ Ռուսիան բոլոր կողմերուն հետ աշխատանք կը տանի ատկէ խուսափելու համար:
Լաւրով Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն եւ Ռուսիոյ միջեւ նախարարական մակարդակով ռազմավարական երկխօսութեան նիստի ընթացքին յայտնեց. «Միջազգային ընտանիքին Կազայի մէջ պատերազմը եւ անոր բնակչութեան հաւաքական մահը դադրեցնելու անկարողութիւնը շրջանի բոլոր մասերուն մէջ, Լիբանանի եւ Իսրայէլի սահմանէն մինչեւ Կարմիր ծով, զինուորական ու քաղաքական կացութեան սուր վատթարացման յանգեցուց»:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումը «անկարելի է առանց պաղեստինեան դատը լուծելու»:
«Պաղեստինցիներուն դէմ ներկայ բռնութիւնը աննախադէպ է, եւ զայն արաբ-իսրայէլեան պատերազմներէն որեւէ մէկուն մէջ չենք տեսած», շեշտեց Լաւրով:


