Սպանիա Ազգերու լիկայի բաժակի Բ. հանգրուանի իր մրցումը ունեցաւ Զուիցերիոյ մէջ եւ կրցաւ 10 մարզիկներով յաղթանակ արձանագրել:
Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա 4-րդ վայրկեանին նշանակեց կոլ մը` շնորհիւ Խոսելուի, որ օգտուեցաւ Լամին Եամալի փոխանցումէն: 13-րդ վայրկեանին այս անգամ ձախ կողմի յառաջապահ Նիքօ Ուիլիամսի փոխանցումէն օգտուելով Ֆապիան Ռուիս արդիւնքը 2-ի բարձրացուց:
7 վայրկեան ետք Ռոպին Լը Նորմանտ կարմիր քարտ մը ստացաւ: Զուիցերիա փոխադարձեց Զեքի Ամտունիի միջոցով, 41-րդ վայրկեանին: Կը կարծուէր, որ Զուիցերիա կոլ մը եւս պիտի նշանակէր Բ. կիսախաղին, բայց Զուիցերիոյ բոլոր յարձակումներն ալ ձախողեցան վտանգել Սպանիոյ բերդը, մինչ վերջինս 2 անգամ առիթ ստեղծեց եւ 2 կոլ նշանակեց Ֆապիան Ռուիսի եւ Ֆերրան Թորեսի միջոցով, 77-րդ եւ 80-րդ վայրկեաններուն:
Դ. խմբակին գծով այս մրցումին կողքին, Դանիա, որ կը հիւրընկալէր Սերպիան, 2-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Ալպերթ Կրոնպայեք եւ Եուսուֆ Փուլսըն նշանակեցին Դանիոյ 2 կոլերը: Քանի մը օր առաջ Դանիա նոյն արդիւնքով յաղթած էր Զուիցերիոյ եւ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:
Ա. խմբակին մէջ, Փորթուգալ 2-1 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ մը տարաւ Սկովտիոյ դէմ մրցումին:
Լիզպոնի մէջ, խմբապետ Ռոնալտօ պահեստի աթոռին վրայ նստած կը դիտէր առաջին կիսախաղը, երբ Սքոթ Մաքթոմինէյ 7-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը:
Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացան Ռոնալտօ եւ Ռոպեն Նեւեշ: 54-րդ վայրկեանին Պրունօ Ֆեռնանտես նշանակեց Փորթուգալի հաւասարութեան կոլը, մինչ խմբապետ Ռոնալտօ 88-րդ վայրկեանին փրկեց Փորթուգալը` նշանակելով յաղթանակի կոլը, որ իր ասպարէզին 901-րդ կոլը նշանակեց` իր մրցանիշը բարելաւելով:
Նոյն խմբակէն, Խրուաթիա շնորհիւ Լուքա Մոտրիչի կոլին կրցաւ յաղթանակ արձանագրել Լեհաստանի դէմ:
39 տարեկան Մոտրիչ 180-րդ մրցումը կատարեց Խրուաթիոյ հետ եւ Եւրոպայի մէջ միայն Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի ետին կը մնայ (213 մրցում) ազգային խումբերու հետ ելոյթներուն առումով: