Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վերադարձանք Նախագահի Ընտրութեան Եւ Անոր Թափի Վերականգնման Վրայ Կեդրոնանալուն» Կ՛ըսէ Դեսպան Մուսա

September 10, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Բոլորս զբաղեցանք հրատապ հարցով, որ մեր տեսած վերջին մագլցումն էր, եւ այսօր վերադարձանք նախագահի ընտրութեան ու անոր թափի վերականգնման վրայ կեդրոնանալուն: Բոլոր դեսպաններուն Պէյրութ վերադարձով Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի դեսպաններու ժողով պիտի գումարուի»:

«Ֆրանսական շարժումն ու Ռիատի մէջ հանդիպումը կարեւոր քայլեր են եւ անոնք յառաջ շարժելու փափաք ցոյց կու տան», ըսաւ դեսպանը:

«Խնդիրը նախաձեռնութիւններուն քանակը չէ, խնդիրը նախագահական թղթածրարին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար հասարակաց կէտերու եւ առաջարկուած գաղափարներու քննարկումն է», յայտնեց Մուսա:

Եգիպտոսի դեսպանը «Տիար» օրաթերթին յայտնեց, որ իրենք դեսպաններուն արտասահմանէն վերադարձին կը սպասեն այս ամսուան երկրորդ շաբթուան ընթացքին ժողով գումարելու համար, սակայն չնշեց հանդիպումին վայրը:

Ան նշեց, որ իրենց ներկայ շարժումը վերստին նախագահական թղթածրարին վրայ կեդրոնանալու եւ զայն առաջնահերթութիւն դարձնելու որոշումին ծիրին մէջ է, որովհետեւ լիբանանեան կողմերուն մօտ, թէեւ տարբեր աստիճաններով, փափաք նկատած են այդ թղթածրարը աւարտելու, եթէ առիթը յարմար է:

«Այս ներքին մթնոլորտին կողքին գոյութիւն ունի արտաքին մթնոլորտ մը, որ նախագահական թղթածրարը շտապ կերպով աւարտելուն վրայ կը շեշտէ, սակայն բոլորն ալ կը գիտակցին, թէ ատիկա աշխատանք, կամք եւ շարք մը մանրամասնութիւններու մէջ խորասուզում կը պահանջէ», նշեց Եգիպտոսի դեսպանը:

Ան ըսաւ, որ հնգեակի ժողովի նախօրեակին, այսօր պիտի հանդիպի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ, որպէսզի «անկէ լսենք իր արտասանած վերջին ճառէն ետք կացութեան գնահատումը, եւ ատկէ ետք կը շարժինք»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հնգեակը իր յառաջիկայ ժողովին ո՞ր նախաձեռնութեան վրայ պիտի հիմնուի, արդեօք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեա՞ն վրայ, Մուսա ըսաւ. «Նախաձեռնութիւններու կարիք չունինք, այլ առաջարկուած գաղափարներու քննարկման, որովհետեւ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն, որ կողմէն ալ ըլլայ, լաւ է, սակայն խնդիրը այն է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ապահովել, որ երաշխաւորուին բոլոր կողմերուն շահերը` միաժամանակ կիրարկելով հիմնական տարրերը: Ուստի մենք առաջարկուած գաղափարներուն վրայ պիտի աշխատինք` ստեղծելու համար ենթահող մը, որ կ՛ապահովէ իւրաքանչիւր կողմի պահանջներուն նուազագոյնը»:

Եգիպտոսի դեսպանը մաղթեց, որ իրենց սպասուող շարժումը ներքին ու արտաքին մակարդակներու վրայ աւելի մեծ դրական ընկալումի կ՛արժանանայ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միքաթի. «Ապահովութեան Խորհուրդը Պէտք Է Լիբանանցիներուն Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներու Հարցին Դարմանման Համար Աւելի Ազդու Քայլեր Որդեգրէ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.