Դիմացկուն լիբանանահայը յիսուն տարիներէ ի վեր կ՛ապրի պատերազմական կամ այլ շատ դժուարին վիճակներու մէջ: Անոր աննկուն կամքը կը դիմադարձէ բոլոր փորձանքներուն` ի գին ֆիզիքական եւ նիւթական ծանր վնասներու: Կը ջանայ յաղթահարել կեանքը եւ մնալ ամուր կառչած ուսման ու այլ լաւ ընտրանքներու:
Քննելով մեր փոքր գիւղի վերջին ութսուն եւ հինգ տարիները, կ՛ուզեմ համեստօրէն ըսել, որ հայու ոգին կ՛ապրի մեր մէջ եւ այստեղէն է, որ կը ճառագայթէ աշխարհով մէկ: Մեծ պարծենկոտութիւն է գրածս, եւ կ՛ուզեմ պատմել երկու էջեր` յիշողութեանս տետրակին մէջէն փրցուած:
Ճիշդ քսան եւ հինգ տարիներ առաջ, Արամ կաթողիկոսին ընտրութեան առիթով պատգամաւորներ եկած էին աշխարհի բոլոր ծագերէն ու բնականաբար անոնք պիտի այցելէին մեր գիւղը, եւ ես տէր Աշոտ քահանային հետ կանգնած` կը սպասէինք անոնց գալուստին Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ դիմաց: Օրը տաք էր, եւ արեւը կիզիչ: Պատգամաւորները ճիշդ կէսօրուան տաքին պիտի հասնին Սուրբ Պօղոս եկեղեցի. փոքր ինքնաշարժին մը մէջ թխմուած պատգամաւորներէն մէկը արագօրէն կ՛ելլէ դուրս եւ կը բարեւէ տէր հօր.
– Օրհնեցէք տէր պապա:
– Աստուած օրհնէ ձեզ,- կու գայ տէր հօր պատասխանը:
Պատգամաւորը առանց մէկու մը հետ խօսելու` կը վազէ եկեղեցւոյ բակէն, կը մտնէ գաւիթ ու կը համբուրէ եկեղեցւոյ բաց դռները, կը խաչակնքէ, ապա կը դառնայ դէպի գիւղ եւ բարձր ձայնով կ՛ըսէ. «Ղուրպան ըլլամ քեզի անապատէն ծնած Այնճար»:
Պատգամաւորը եկած էր Թեհրանէն` իրանահայութիւնը ներկայացնելու: Կարդացած էր Մուսա Լերան մեր հերոսամարտի պատմութիւնը եւ քաջածանօթ էր հերոսամարտի ծալքերուն: Պարզուեցաւ, որ իր երկրորդ այցելութիւնն էր մեր գիւղը, եւ տէր Աշոտին դիմելով` կը խնդրէր, որ մեր Մուսա Լերան վրայ պարզուած ազատարար դրօշը տեսնէ. խօսքը կ՛ուղղէր տէր Աշոտին.
– Արժանապատիւ տէր պապա, անցեալ գալուս մեր խումբը շատ ոգեւորուեցաւ ձեր ազատարար դրօշով: Մեր Իրանը այդ օրերուն պատերազմի մէջ էր դրացի Իրաքի հետ: Բոլորիս զաւակները իրանեան բանակին մէջ էին: Դո՛ւք, տէր պապա, փրկարար խաչին դիմաց աղօթեցիք եւ խնդրեցիք, որ մեր հարազատներն ալ ողջ առողջ վերադառնան իրենց հարազատներուն: Փա՜ռք Աստուծոյ, բոլոր տղաքն ալ անվնաս հասան տուն, ու մենք բոլորս կը հաւատանք, որ ձեր ազատարար խաչը մեզ ալ փրկեց: Հայու ոգի կայ լերան վրայ կարուած այդ փրկարար խաչին մէջ:
Պատգամաւորի թախանձանքին վրայ տէր Աշոտին հետ քալեցինք դէպի «Յառաջ» վարժարանի մէջ գտնուող մեր գրասենեակը, ուր մասնաւոր տուփի մը մէջ պահուած էր այդ մասունքը` տէր Աշոտին բանալիին տակ: Պատմութեան հետքերով կը հարցաքննեմ տէր հայրը` այդ դրօշին մասին, եւ կ՛իմանամ, որ երջանկայիշատակ Խորէն կաթողիկոսին շնորհիւ այդ մասունքը հասած եւ պահ դրուած է Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան հսկողութեան տակ:
Յիշողութեանս էջերը կը դարձնեմ ու կը հասնիմ 2023-ի ամառ, երբ կարգ մը քանատահայեր հայր Գեղարդին հետ հասած էին Այնճար ու իրենց հարազատին պսակօրհնէքը կատարած էին Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ: Անոնք հայր սուրբին ընկերակցութեամբ կ՛այցելէին Այնճարի մեր ազգագրական թանգարանը ու հետաքրքրութեամբ կը դիտէին մեր փոքր հաւաքածոն: Կը նկարուին խաչի պաստառին դիմաց ու տիկինը հարց կու տայ.
– Այս նո՞յն ազատարար խաչն է Մուսա Լերան վրայ պարզուած:
– Ո՛չ, տիկին , այդ մէկը միւս սենեակին մէջն է եւ դրուած տուփի մը մէջ` պահպանելու զայն մարդոց ու բնութեան վնասներէն:
Տիկինը` գոհացած պատասխանէս, կարճ ժամանակ մը վերջ հասաւ յաջորդ սենեակը, ուր սեղանի վրայ էր ազատարար խաչի պահպանման տուփը:
– Կարելի՞ է դպչիլ տուփին,- հարց կու տայ ան:
– Անշո՛ւշտ կարելի է, տիկի՛ն,- կը պատասխանեմ ես:
Ան կը դպչի տուփին, ապա կը խաչակնքէ:
Կը ժպտիմ ու կը յիշեմ իրանահայ պատգամաւորը քսան հինգ տարիներ առաջ:
Եթէ դուք կ՛ապրիք անապատէ ծնած Այնճարի մէջ, եւ կամ եթէ ժամանած էք մեր գիւղ սփիւռքի որեւէ քաղաքէ, կը հրաւիրեմ ձեզ, որ մեր ազգագրական թանգարանը գաք ու հաւատքով դպչիք խաչանիշ դրօշի տուփին, գօտեպնդուիք հայու ոգիով եւ շարունակէք կեանքը: Հայու ըմբոստ ու անառիկ ոգին կ՛ապրի հայաբոյր Այնճարի մէջ: