Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաստեղի Վերջին Նամակներն Ու Վերջին Ուղերձը

Սեպտեմբեր 10, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Փակելէ առաջ Համաստեղի «Նամականի»-ի ժողովածուն (Երեւան, 2003) ու զայն զետեղելէ առաջ իմ գրադարանին կարդացուած գիրքերու շարքին մէջ, կ՛արժէր հարց տալ, թէ ո՞րն էր կամ որո՞նք էին գրագէտին ստորագրած ՎԵՐՋԻՆ նամակները:

Քանի որ Համաստեղ յանկարծամահ եղաւ 26 նոյեմբեր 1966-ին` Լոս Անճելըսի մէջ սարքուած իր յոբելեանին պահուն, ուրեմն սխալ պիտի չըլլար նոյն այդ տարուան սեպտեմբերէն նոյեմբեր գրուած իր նամակները նկատել «վերջին նամակներ»: Այս նամակներէն ոմանք շահեկան են, ոմանք` շահեկանութենէ զուրկ:

Գրագէտին շահեկան վերջին նամակները ուղղուած են չորս բարեկամ սրտամօտ գրչեղբայրներու` Եդուարդ Պոյաճեանի, Յակոբ Խաշմանեանի, Գուրգէն Մահարիի եւ Գրիգոր Շահինեանի:

Եկէ՛ք` լոյս մը վառենք այս նամակներուն վրայ ու տեսնենք, թէ աւելի քան յիսունհինգ տարի առաջ մեր գրողները ինչե՞ր կը գրէին մէկզմէկու,  կամ ի՞նչ մտահոգութիւններ օրակարգի կը բերէին իրենց մտերմիկ ապրումներուն մէջ:

Ա) Եդուարդ Պոյաճեանի Հետ

Կանխահաս մահով մը այս աշխարհէն բաժնուած Եդ. Պոյաճեան` 40-ական թուականներու երկրորդ կէսէն ետք հետզհետէ ուշադրութիւն սկսած էր գրաւել լիբանանահայ գրական հրապարակին վրայ` թէ՛ բանաստեղծական («Սէր եւ վիշտ», «Հողը») եւ թէ՛ արձակ («Տոմար տարագրի») հատորներով: Բնիկ մուսալեռցի էր, Խտըրպէկ գիւղէն, ուր ծնած էր 1915-ին: Խառնակ օրերու զուգադիպած էր իր մանկութիւնը: Հինգ տարի յաճախեր էր Պէյրութի նորաբաց Հայ Ճեմարանը` անմիջապէս յետոյ նուիրուելով ուսուցչական ասպարէզին: Աշխատակցեր էր` «Ազդակ» շաբաթօրեակին, Ծառուկեանի «Նայիրի»-ին, «Ակօս» գրական հանդէսին, բայց մանաւանդ «Բագին» ամսագրին` 1962-ին անոր Ա. թիւին լոյս ընծայման օրէն սկսեալ, մաս կազմելով խմբագրութեան ալ: Ունէր առոյգ գրիչ մը եւ ուշադրութիւն կը գրաւէր իր վերլուծական սեւեռումներով («Դէմքեր» շարքը) ու գրադատականներով: Ակնբախօրէն կրքոտ եւ դիւրաբորբոք հրապարակագիր մըն էր, ու ատիկա երեւելի է «Միտք պահէ» հաւաքածոյին մէջ (Պէյրութ, 2007): Յետմահու իրմէ հրատարակուեցան 5-6 հատոր եւս, առաւելաբար իր կրտսեր հայրենակցին` Պօղոս Սնապեանի հոգածութեամբ:

Համաստեղ ու Պոյաճեան իրարու միջեւ նամակագրութիւն պահած են 50-ականներէն: Պոյաճեան «Բագին»-ի 1966-ի յունուարեան թիւին մէջ ընդարձակ (շուրջ 20 էջ) վերլուծական մը ունի Համաստեղի մասին: Իսկ Համաստեղ, իր նամակներով, մի՛շտ գնահատած ու քաջալերած է Պոյաճեանը` անոր գործերուն մէջ տեսնելով խորք ու ինքնուրոյն ոճ: Կը թուի, թէ Պոյաճեան իր վերջին նամակներուն մէջ գանգատիլ սկսեր էր իր առողջական վիճակէն: Ու Համաստեղ` որպէս երէց գրչեղբայր, ուզած է փարատել անոր մտահոգութիւնները. «Դուն դեռ շատ ճահիլ ես հիւանդ ըլլալու համար: Դեռ աշխատանքներ ունիս կատարելիք: Մենք քեզմէ շատ բաներ կը սպասենք», կը գրէր ան (13-9-1966):

Բայց, ինչպէս երեւան պիտի գար շուտով, Պոյաճեանի հիւանդութիւնը լուրջ էր, ափսո՜ս: Ան հրաժեշտ պիտի տար այս աշխարհին Համաստեղէ՛ն ալ առաջ` 13 Հոկտեմբեր 1966-ին, 51 տարեկանին…

Բ) Յակոբ Խաշմանեանի Հետ

Խաշմանեան, որ Նիւ Եորք կ՛ապրէր, գրող մը չէր, այլ` գրողներու ջերմ բարեկամ մը, գրականութեան երդուեալ սպասարկու մը: Ունէր մտաւորական որոշ պատրաստութիւն, որ բարդուելով ազգային կեանքի մէջ իր ստանձնած եռանդուն ու հաւասարակշռեալ գործունէութեան վրայ` զինք կը դարձնէր փնտռուած դէմք մը: Ծնած էր Պարտիզակ, 1887-ին եւ աւարտած` տեղւոյն Ամերիկեան Բարձր. վարժարանը: Շրջան մը ուսուցչութեամբ պարապելէ ետք, 1920-ին գաղթած էր Ամերիկա: Հոս, 1925-26, հրատարակած էր «Ամերիկահայ Հանրագիտակ» տարեգիրքի երկու թիւեր: Մտերիմ էր Համաստեղին, որուն հետ կը թղթակցէր տեւաբար: Կնքահայրն էր անոր երկու դուստրերուն: Երբոր կազմուած էր Համաստեղի 70-ամեակի յոբելենական յանձնախումբը (1966), Խաշմանեանին վստահուեցաւ անոր քարտուղարի պաշտօնը. այլ խօսքով, ի՛նք համակարգեց ու կառավարեց զանազան քաղաքներու յոբելենական ձեռնարկները, ձեռնհասօրէն: Մահացաւ 1968-ին: Առջի տարի` 2022-ին, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Խաշմանեանի «Մոռցուած էջեր-նամակներ» ստուար հատորը, զոր կազմած ու ծանօթագրած է Մարգարիտ Խաչատրեան:

1966-ի նոյեմբեր ամսուն Համաստեղ Խաշմանեանին գրած է 5 նամակ: Ասոնք, ուրեմն, երկու-երեք շաբաթով կը կանխեն իր մահը: Ասոնցմէ մէկուն մէջ Համաստեղ կ՛իմացնէ, որ Ս. Ղազարու Մխիթարեան վարդապետները որոշած են «Բազմավէպ»-ի թիւերէն մին մասնակի կերպով նուիրել իր յոբելեանին (այդ թիւը հրատարակուեցաւ իրապէս. կը կրէ 1966 նոյեմբեր-դեկտեմբեր թուահամարը): Խաշմանեանին ուղղեալ այլ նամակ մըն ալ, որ կը կրէ 21 նոյեմբեր թուականը, յայտնապէս Համաստեղին ԱՄԵՆԱՎԵՐՋԻՆ նամակներէն մին է, քանի որ գրուած է իր մահէն վեց օր առաջ: Համաստեղ, հոս, գոհունակութիւն կը յայտնէ Մոնրէալի մէջ սարքուած իր յոբելեանին համար ու կ՛ըսէ, թէ մեծ հաճոյք զգաց երկու օր Արամ Հայկազին հետ գտնուելէ (արձակագիր Արամ Հայկազ Նիւ Եորքէն գալով` գլխաւոր բանախօսը եղած էր Մոնրէալի ձեռնարկին): Յաջորդ ձեռնարկը պիտի կայանար Լոս Անճելըս: «Այս շաբթու ուրբաթ օրը պիտի մեկնիմ Քալիֆորնիա: Յուսամ` բարով-խէրով կը վերադառնամ», կը գրէր ան:

Գիտենք այլեւս, որ ան չվերադարձաւ: Սիրտը դաւաճանեց իրեն, ու գրագէտը կաթուածահար ինկաւ Լոս Անճելըսի բեմին վրայ…

Գ) Գուրգէն Մահարիի Հետ

Մահարի բնիկ վանեցի էր, Չարենցին ու Բակունցին գրեթէ սերնդակից ու ճակատագրակից: Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն կրցեր էր անցնիլ Արեւելեան Հայաստան ու ապաստանիլ տեղւոյն որբանոցներուն մէջ: Իր մանկութիւնը, պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը պատմած է յուշագրական առանձին գիրքերով: 1936-ին, ստալինեան մաքրագործումներու շրջանին, ի՛նք եւս շատերու նման ձերբակալուելով` աքսորուեցաւ Սիպերիա, ուր մնաց աւելի քան 15 տարի: 1954-ին «արդարացուեցաւ» ու կրցաւ վերադառնալ Երեւան, ուր լծուեցաւ գրական աշխատանքներու: Իր նշանաւոր «Այրուող այգեստաններ» վէպը (1966) աղմուկ բարձրացուց վանեցիներու շրջանակին մէջ` ի Հայաստան եւ սփիւռք, իսկ «Ծաղկած փշալարեր»-ը (Պէյրութ, 1986, նախապէս` Ծառուկեանի «Նայիրի»-ին մէջ հրատարակուած) գրականութեան պատմութեան մէջ տեղ գտաւ իբրեւ իր սիպերիական դառն փորձառութեան հարազատ յուշապատումը: Մահացաւ Լիթուանիոյ Փալանկա ծովեզերեայ քաղաքը, 1969-ին, 66 տարեկանին: Կինը` Անտոնինան, լիթուանացի էր. իրարու հանդիպած էին Սիպերիոյ մէջ` իբրեւ աքսորականներ… Իր երկերու լիակատար ժողովածուին հրատարակութեան ձեռնարկուեցաւ Երեւանի մէջ, 2013-ին: Ինը տարուան ընթացքին արդէն լոյս ընծայուեցան 15 հատորներ, որոնք կ՛ընդգրկեն բանաստեղծական, թատերական, երգիծական, հրապարակագրական ու արձակ այլազան գործեր, նամակներ եւ այլն:

Համաստեղ իր կեանքի վերջին երեք տարիներուն առատօրէն թղթակցած է Մահարիի հետ: Իբրեւ սրտակիցներ` շատ բան պատմած են իրարու: Վերջին նամակներէն մէկուն մէջ (18-7-1966) Համաստեղ կը յայտնէ իր յուսախաբութիւնն ու ընդվզումը` ի մասին «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրին էջերուն տպուած (1966 թիւ 4) այն գրութեան, որ իրեն հետ կայացած հանդիպումի մը խեղաթիւրեալ պատկերը կը գծէ…

Ի՞նչ պատահած էր:

Տարի մը առաջ Հայաստանէն լրագրող մը` Ստեփան Վարդանեան, Պոսթըն եկեր ու տեսակցիլ ուզեր էր Համաստեղի հետ: Գրագէտը զինք հիւրընկալեր էր իր տան մէջ, խանդավառօրէն: Զրուցեր էին երկա՜ր երկար: Երեւան վերադարձին այս Վարդանեանը իր «տպաւորութիւններ»-ը փռեր էր «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրին մէջ` «Ամերիկան մթնում է» յոռետեսական վերնագրով… Հոս, Համաստեղին հետ հանդիպումը վերարտադրուած էր անճիշդ ու յերիւրածոյ տուեալներով: Փորձ կատարուած էր նսեմացնելու գրագէտը` գէթ նիւթական դիտանկիւնէ: Իբր թէ Համաստեղի սեփական ինքնաշարժը մաշած է եղեր, բնակարանը փոքր է եղեր, գորգերն ու կահ-կարասին` հինցած… Մէկ խօսքով` խեղճ ու աղքատ թշուառական մը: Դեռ աւելի՛ն, գրագէտը իր հայրենի հիւրին «թրքական օղի» խմցուցեր է եղեր… Համաստեղ կը գրէր Մահարիին.«Տունով-տեղով ուրախ էինք, որ Հայաստանէն հիւր ունէինք:  Անունը ինծի անծանօթ էր: «Գրող եմ» ըսաւ եւ առաջին անգամ քո՛ւ մասին հարցուցի. խօսեցանք` ինչպէս պէտք է խօսին մտաւորականները:  Մեզի համար ազատ խօսիլը շնչելու պէս բան մըն է: Ինծի համար կարեւորը հայկականութիւնն էր, եւ մենք հաշտ էինք այդտեղ, ու ինծի այնպէս թուեցաւ եւ հաւատացի, որ մենք բաժնուեցանք որպէս լաւ բարեկամներ: Մի՛ ըսեր, որ մեր սրտբաց հիւրասիրութեան ընթացքին ծածկամիտ մէկը եղած է…»

Ի՜նչ ըսել: Պաղ պատերազմի անդրադարձն էր ասիկա գիր-գրականութեան վրայ: «Իմպերիալիստական» Ամերիկայի մէջ ամէն ինչ գորշ էր, մինչ խորհրդային «ազատ աշխարհ»-ի երկնքին տակ` ամէն ինչ պայծառ…

Դ) Գրիգոր Շահինեանի Հետ

Պէյրութի Հայ Ճեմարանի փայլուն շրջանաւարտներէն էր Գր. Շահինեան (1930-2009), որ շուրջ վաթսուն տարի մնաց լիբանանահայ գրական ու մտաւորական կեանքի յարգելի դէմքերէն մին: Համալսարանական ուսման հետեւեցաւ ի Պրիւքսել եւ Փարիզ: Կանուխէն ուշադրութիւն գրաւեց իր արտակարգ նախասիրութիւններով, իւրայատուկ ճաշակով ու անկախ դատողութեամբ: Լուրջ մենագրութիւններ գրեց Համաստեղի (1961), Գուրգէն Մահարիի (1964), Լեւոն Շանթի (1967) եւ Շահան Շահնուրի մասին (2 հատոր, 1981\1985): Տասնամեակներ շարունակ դասաւանդեց Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին, Լիբանանի պետ. համալսարանին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին եւ Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական հիմնարկին մէջ, վերջինի պարագային` որպէս վարիչ (1987-2007): Խորապէս ազդուած էր իր ուսուցիչներէն` Շանթէն ու Աղբալեանէն, հետեւաբար, իր աշակերտներուն իսկ վկայութեամբ` կը դասաւանդէր այնպէս, ինչպէս կը դասաւանդէին այդ մեծերը: Հրատարակեց ու խմբագրեց նաեւ «Ահեկան» գրական պարբերականը (1966-71), պատրաստեց հայերէնէ ֆրանսերէն գործնական բառարան մը, ուղեցոյցներ` հայերէնի ու Հայոց պատմութեան արդիւնաւէտ ուսուցման համար: Մահէն առաջ կրցաւ հրատարակել իր յուշերը` «Վերաքաղ» վերնագրով (2004):

Շահինեան համարում կը վայելէր յաչս Համաստեղի, ոչ միայն որովհետեւ առանձին մենագրութիւն մը հրատարակեր էր անոր մասին, այլ որովհետեւ երիտասարդ եւ խոստմնալից ուժ էր: Ճիշդ է, որ գրագէտը քիչ մը դառնացած էր` տեսնելով, որ Շահինեան թոյլ եւ խոցելի կողմեր նշմարեր էր իր «Սպիտակ ձիաւորը» վէպին մէջ, այնուհանդերձ, փոխադարձ համակրանքը կատարեալ էր:

Շահինեանի ուղղեալ Համաստեղի վերջին նամակներէն մին կը կրէ սեպտեմբեր 1966 թուականը: Հոս տեսութիւններ պարզած է ան «գրող»-ի ու «քննադատ»-ի մասին: Ըստ իրեն,  «Գեղարուեստական գրող մը կրնայ քննադատ ըլլալ, սակայն քննադատ մը քիչ անգամ կը յաջողի գրականութիւն ընել»: Յետոյ կը կատարէ ինքնաքննադատութիւն մը.«Երբ պատահաբար իմ մէկ վիպակը կը կարդամ, կ՛անդրադառնամ ես ինծի, որ կրնար աւելի լաւը ըլլալ: … Աւելորդ պարբերութիւն մը, նախադասութիւն մը, բառ մը, որ կարելի էր ուրիշ բառով մը փոխարինել եւ կամ քիչ մը աւելի կոկել»:

* * *

Համաստեղի Վերջին Ուղերձն Ու Մահը

Համաստեղ Պոսթընէն Լոս Անճելըս ժամանեց իր յոբելենական ձեռնարկէն օր մը առաջ` 25 նոյեմբեր 1966-ին: Ակներեւ էին իր վրայ յոգնածութիւնն ու խոնջէնքը, թէեւ ինք կը վստահեցնէր շուրջինները, թէ հանգիստ ու լաւ կը զգար ինքզինք: Կազմակերպիչ յանձնախումբը գուրգուրանքով շրջապատեց անուանի գրագէտը ու ստեղծեց կեցութեան լաւագոյն յարմարութիւններ: Լոս Անճելըսէն զատ` ձեռնարկներ պիտի կայանային Ֆրեզնօ ու Սան Ֆրանսիսքօ:

Լոս Անճելըսի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Էմպեսետըր» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ, 400 հոգիի ներկայութեան: Գլխաւոր բանախօսն էր Ալեք Փիլիպպոս, որ իւրայատուկ հիւմըրով ներկայացուց յոբելեարին գիւղագրական վաստակը: Յոբելեարը հաճոյքով լսեց իր «Աղօթարան»-էն հատուած մը ու «Հայու հոգին» զմայլելի քերթուածը: Յայտագրի աւարտին բեմը յանձնուեցաւ իրեն: Ժողովուրդը հինգ վայրկեան յոտնկայս ծափահարեց զինք: Ի վերջոյ, Համաստեղ մօտեցաւ խօսափողին ու սկսաւ կարդալ իր գրաւոր ուղերձը, որ համապարփակ տեսութիւն մըն էր Հայ  Գիրին ու Մշակոյթին կտրած ճանապարհին վրայ: Հազիւ տասը վայրկեան անց` յոբելեարը յանկարծ ինկաւ գետին` Մեսրոպ Մաշտոցի անունը իր շրթներուն… Աննկարագրելի իրարանցում մը ստեղծուեցաւ սրահին մէջ: Բժշկական անմիջական միջամտութիւնները ապարդիւն անցան: Թղթակից մը, նկարագրելով այդ օրը պատահածը, պիտի գրէր.«Խնդալով գացինք, լալով վերադարձանք»:

Որովհետեւ Համաստեղ ինկաւ բեմին վրայ` իր ուղերձը կարդացած պահուն, բնականաբար հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ ան ի՞նչ խօսած էր, կամ ինչե՞ր ուզած էր պատգամել զինք մեծարող ժողովուրդին:

Երբ ան կաթուածահար կ՛իյնար գետին, իր ձեռքին թուղթերն ալ կը տարտղնուէին աջ ու ձախ… Անոնք ժողուըւեցան անշուշտ: Բաւական ժամանակ անց «Հայրենիք» ամսագրի 1969-ի թիւ 8-ին մէջ այդ «կարապի երգ»-ը տպուեցաւ ամբողջութեամբ: Ի յայտ եկաւ, որ յոբելեար գրագէտը իր «Հուսկ բանք»-ին համար գրի առեր էր 18 էջանի ընդարձակ ուղերձ մը, որուն միայն 6 էջը կրցեր էր կարդալ…

Այս ուղերձին մէջ Համաստեղ ընդհանուր ակնարկ մը նետած է հայ ժողովուրդի մտաւոր ու հոգեկան վաստակին վրայ` հին դարերէն մինչեւ մեր օրերը: Ըսած է, որ հայ գրողին պարտականութիւնն է ճանչցնել հայ ժողովուրդը` պեղելով անոր արժէքները: Շեշտած է, որ մենք մեր գոյութիւնը առաւելաբար կը պարտինք մեր մշակութային ու ոգեկան յաղթանակներուն: Գիրերու գիւտը այդպիսի՛ յաղթանակ մըն էր, որուն մէջ հիմնական դեր ունեցաւ քրիստոնէութիւնը, քանզի Մեսրոպ Մաշտոց ի՛նք ալ քրիստոնեայ վարդապետ ու քարոզիչ մըն էր:

Համաստեղ չէր վարաներ իր ափսոսանքը յայտնելու մեր հին հեթանոսական շրջանի գրաւոր վկայարաններուն չքացումին համար: Յետոյ ան ակնարկ  մը  կը նետէր Ոսկեդարէն մինչեւ Վերածնունդի դար` հայ գրականութեան յառաջխաղացքին վրայ: Կ՛ընդգծէր Պոլսոյ եւ ԹիՖլիսի առանձնայատուկ տեղն ու դերը: Հուսկ` կ՛անդրադառնար գաւառական գրականութեան: Վերջաւորութեան ան նրբօրէն կը թելադրէր, որ մեր հայեացքը ուղղենք հայրենիքին. «Պատերազմները կը ստեղծեն անկումներ եւ վերելքներ: Այդ երկուքն ալ ունեցանք: Կորսնցուցինք մէկուկէս միլիոն հայ ժողովուրդ, սակայն շահեցանք Հայաստանը, արիւնով գծուած սահմաններով: Նոյն ժողովուրդը շէնցուց այդ Հայաստանը, լուռ, յամր ու ծանր պայմաններու տակ ու զոհաբերութիւնով: Մեր դատերը այնտեղէն պիտի շարունակուին. այնտեղ կայ հայրենասիրութիւն, ազգայնութիւն` որպէս հաւատք եւ որպէս իտէալ»:

Հալէպ

 

 

 

Նախորդը

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Հերթական Առցանց Հանդիպումը

Յաջորդը

Մարկատէ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?