Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ. «Բազմաթիւ Անկախ Երեսփոխաններու Հետ Կապ Կը Հաստատենք»

Սեպտեմբեր 7, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց. «Մարոնիներու Պշարա Պութրոս Ռայի պատրիարքը հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հոգը կը կրէ, եւ հասանք անելի մը, որ իմ մօտս յառաջացուց այն համոզումը, թէ ներկայ խորհրդարանի նստաշրջանը կրնայ առանց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան աւարտիլ, եւ այդ պարագային յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները կրնան ինքնաբերաբար տեղի չունենալ»:

«Ուստի պատրիարքին ներկայացուցինք գաղափարներ` սկսելով անձնասիրութիւններէն ու անձնական շահերէն վեր կանգնելէ, եւ եթէ մեր քաղաքական դիրքը պահպանելու մասին ուզէինք մտածել, ատիկա դիւրին էր, եւ մեզի ներկայացուած բազմաթիւ առաջարկներ ընդունած կ՛ըլլայինք: Կուսակցութիւններուն եւ պլոքներուն դէմ չենք, այլ այլեւս շարժելու եւ մեր կարծիքը արտայայտելու աւելի մեծ ազատութիւն ունեցանք, եւ բազմաթիւ անկախ երեսփոխաններու հետ կը հաղորդակցինք», յայտնեց Պու Սաապ:

«Կը փորձենք կազմել մեծ խմբաւորում մը, որ հանդիպման վայր կը դառնայ բոլոր կողմերուն, որոնք կանխակալ կեցուածքներ ունին եւ անոնցմէ չեն հրաժարիր: Այս խմբակը երկիրը փրկելու քայլեր, մասնաւորաբար նախագահի ընտրութեան քայլեր պիտի կատարէ», ըսաւ ան:

«Մեր նպատակը քրիստոնեաներուն հետ հաղորդակցիլն է` ծրագիր մը մշակելու համար, սակայն ամէնէն կարեւորը իսլամ գործընկերին հետ հաղորդակցիլն է, որովհետեւ առանց բոլորին կարելի չէ նախագահ ընտրել», յայտնեց խորհրդարանի փոխնախագահը:

«Պատրիարքը քաջալերեց մեր գաղափարները եւ մեզ հրաւիրեց ըլլալու բոլորին հետ երկխօսութեան դիրքի վրայ: Պքերքէն երբեք դէմ չէ եղած նախագահի ընտրութենէն առաջ երկխօսութեան կամ խորհրդակցութեան, եթէ անիկա լուծումի յանգեցնէ, եւ առանց այդ երկխօսութեան կարելի չէ ընտրել նախագահ մը, որ կ՛իշխէ», նշեց Պու Սաապ:

Ան ըսաւ. «Ինչ կը վերաբերի չորս երեսփոխաններու նախագահական թեկնածուին, առանձին պիտի չըլլանք, այլ մեծաթիւ երեսփոխաններու հետ պիտի խորհրդակցինք: Բազմաթիւ թեկնածուներ կան, որոնցմէ ոմանց անունները Պքերքէի նախագահական ցուցակին վրայ ներառուած էին, եւ կան ուրիշներ: Ոեւէ թեկնածու, որ Պքերքէի սկզբունքներուն համահունչ է եւ միւս խումբին, մասնաւորաբար իսլամ գործընկերին երաշխիք կը ներկայացնէ, ընտրուելու առիթ ունի»:

«Մենք չենք վախնար յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններէն, եթէ տեղի ունենայ: Այդ ատեն ընտրապայքարը պիտի մղենք ծրագիրի եւ հայեցակարգի հիմամբ, եւ լիբանանցիները, որոնք փրկութիւն կ՛ուզեն, պէտք է որոշեն, թէ որո՛ւն պիտի քուէարկեն, որովհետեւ կարեւորագոյնը նախագահ ընտրելը, կառավարութիւն կազմելը, հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան պարտադրելը եւ տնտեսական ու ելեւմտական կայունութիւն հաստատելն է», յայտարարեց Պու Սաապ:

Նախորդը

Լը Տրիան-Ալուլա Հանդիպում

Յաջորդը

Օրպան. «Ազրպէյճանը Շրջանի Անվտանգութեան Ապահովման Գործին Մէջ Հիանալի Օրինակ Է»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լը Տրիանը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լը Տրիանը

Յունիս 12, 2025
Պըրրի. «Լիբանանն ու Հարաւի Բնակիչները  Ուրիշներէն Առաջ ՖԻՆԻՒԼ-ին Իրենց  Գիւղերուն Մէջ Մնալը Կ՛ուզեն»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանանն ու Հարաւի Բնակիչները Ուրիշներէն Առաջ ՖԻՆԻՒԼ-ին Իրենց Գիւղերուն Մէջ Մնալը Կ՛ուզեն»

Յունիս 12, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Լիբանանի Մէջ  ՄԱԿ-ի Մարդասիրական Հարցերու Յանձնակատարը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Մարդասիրական Հարցերու Յանձնակատարը

Յունիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?