Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 7, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Չիլիի դեսպան Մարքոս Լիթիլիրի եւ Նորվեկիոյ դեսպան Հիլտա Հարալտսթատի հետ ծանօթացման հանդիպումի ընթացքին գնահատեց Չիլիի եւ Նորվեկիոյ «երկու պետութիւններ» լուծումին զօրակցութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ համապարփակ խաղաղութեան երաշխաւորման լաւագոյն լուծումն է:

Ան նոր  նշանակուած դեսպաններուն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց երկիրներուն Լիբանանի գերիշխանութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան ու կենսունակ կայունութեան հաստատման հիմնական պայման եղող Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան զօրակցելուն համար:

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը, յղում կատարելով Այն Թինէի մօտիկ անձերու, քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած է. «Կը նախատեսենք յառաջիկայ օրերուն լայնածաւալ շարժում մը, որուն առանցքը պիտի ըլլայ խորհրդարանի նախագահի կեդրոնատեղին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի անցեալ ամսուան վերջաւորութեան իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման ոգեկոչման առիթով արտասանած խօսքէն ետք եւ անցեալ շրջանին նկատառելի սառած վիճակէ ետք վերաշխուժացաւ»:

Աղբիւրը նշեց, որ յաջորդ շարժումը պիտի ըլլայ Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակին ճամբով եւ անոր անդամ դեսպաններու անհատական ուղղակի հաղորդակցութիւններուն ճամբով:

Ան բացառեց որեւէ այցելութիւն ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի կողմէ, որ մէկ անգամէ աւելի յայտնեց, որ սահմանին վերաբերեալ իր առաջարկները վերջնական քննարկումի պիտի չենթարկուին` նախքան կռիւներու դադրեցումը:

– ԸՆԹԱՑԻԿ աշխատանքներու կառավարութիւնը երեքշաբթի օր առաւօտեան ժամը 9:00-ին պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ պիտի ներկայացնէ 2025-ի պետական ամավարկի զեկուցում մը:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Արապիա ԷՖ.Էմ» ձայնասփիւռի կայանի «Ուաքթ Սիասէ» յայտագիրին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Անոնք մեր տրամաբանութենէն տարբեր տրամաբանութիւն ունին, անոնց ո՛չ տնտեսութիւնը կը հետաքրքրէ, ո՛չ կրթութիւնը, ո՛չ արուեստը, ո՛չ ալ որեւէ բան: Մեկնելով ասկէ, երբ կը գտնուինք դէմ յանդիման խմբակի մը, որ այսպէս կը մտածէ, անոր նկատմամբ բարեացակամութիւնը օգտակա՞ր է: Ոեւէ մէկը Ռաֆիք Հարիրիի չափ Դիմադրութեան առանցքին նկատմամբ բարեացակամ գտնուա՞ծ է: Ոեւէ մէկը Ռաֆիք Հարիրիի չափ սէյիտ Նասրալլան տեսնելու գացա՞ծ է: Ի՞նչ էր արդիւնքը. Ռաֆիք Հարիրին սպաննեցին»:

«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քայքայումը ընդհանուր առմամբ Լիբանանի համար շահ է, եւ ոչ թէ միայն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան համար` նկատի ունենալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան վերջին տարիներուն իշխանութեան մէջ երթին, բոլոր թղթածրարներուն մէջ, զորս անոր անդամները ստանձնեցին եւ տակաւին ստանձնած են, եւ անոնցմէ է ելեկտրականութեան թղթածրարը», ըսաւ Ժահժահ:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի հիւսիսային սահմանէն յայտարարեց. «Կը կեդրոնանանք Հըզպալլայի դէմ կռիւին վրայ, եւ կը պատրաստուինք յարձակողական քայլերու»:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Ռիատի Յաղթանակներով Կը Մեկնի Սինկափուր

Յաջորդը

Լը Տրիան-Ալուլա Հանդիպում

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.