Լիբանանի, Ուասլի եւ Ասիոյ ախոյեան Ռիատի, որ յառաջիկայ հինգշաբթի պիտի մասնակցի ՖԻՊԱ-ի միջցամաքամասային բաժակի մրցաշարքին, իր փորձ-մրցումները աւարտեց Քաթարի մէջ եւ վերադարձաւ Պէյրութ, 2 մրցումներ յաղթելէ ետք Եգիպտոսի Զամալեքին` 84-73 եւ 80-67 արդիւնքով:
Ռիատի վստահաբար աւելի զօրաւոր պիտի ըլլար Ճոնաթըն Սիմընզի եւ Թոն Մէյքըրի հետ, որովհետեւ այս մրցումներուն տեսանք Թրեւըն Թիպոտոն եւ Մեննի Հարեսը, որոնք բարձր մակարդակի ելոյթ չունեցան: Ասիկա Թիպոտոյի առաջին շաբաթն էր խումբին հետ, բայց Հարես անցեալ տարեշրջանին Ռիատիի հետ էր, եւ աւելին կը սպասուէր իրմէ:
Յամենայն դէպս, յառաջիկայ ուրբաթ Ռիատի պիտի մրցի Եւրոպայի ախոյեան սպանական Ունիչախա խումբին դէմ Սինկափուրի մէջ իսկ յաջորդ օրը` Ափրիկէի ախոյեան Փեթրօ տը Լուանտա (Անկոլա) խումբին դէմ:
Նշենք, որ 2 խմբակներու առաջին դիրքը գրաւող խումբերը կը մրցին աւարտականին իսկ 2-րդ դիրքը գրաւող խումբերը կը մրցին 3-րդ դիրքի համար, մինչ 3-րդ եւ վերջին դիրքը գրաւող խումբերը կը մրցին 5-րդ դիրքին համար: