Հայաստան կը գտնուի անկայուն ռազմավարական կացութեան մէջ, սակայն անիկա խորապէս դիմացկուն երկիր է, որ ժողովրդավարութեան օրինակ է շրջանին մէջ` ուղղուած դէպի եւրոպական ապագայ: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու Հելսինքեան յանձնախումբը:
«Միացեալ Նահանգները կարեւոր կարելիութիւն ունին աջակցելու Հայաստանին անոր ժողովրդավարական, արեւմտամէտ ճանապարհին», նշուած է գրութեան մէջ:


