72 քկ կշիռի հայ ըմբիշ Աշոտ Խաչատրեան դարձաւ աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր:
Արդարեւ, Աշոտ Խաչատրեան, որ Փոնթեվետրայի (Սպանիա) մէջ տեղի ունեցող 20 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան 72 քկ կշիռի մրցումի աւարտականին հասած էր, 6-5 արդիւնքով դժուար պարտութիւն մը կրեց իր ռուս մրցակից Զաուր Պեսլեքոյեւէն:
Աշոտ Խաչատրեան, որ կիսաւարտականին 4-1 արդիւնքով դուրս ձգած էր ազրպէյճանցի Ռուսլան Նուրուլլայեւը, նախապէս յաղթած էր նաեւ չինացի Ուենհաօ Հուին (9-4), լիթուանացի Ռոքաս, Չեփաուքասին (6-1), եւ քորէացի Կունհի Լիին (14-2):
Եուրեկ Յովէեան 63 քկ կշիռի պրոնզէ մետալի մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Էնես Ուլքուին եւ շահած պրոնզ մետալ:
Յովէեան նախապէս յաղթած էր շուէտացի Ուիլիամ Մանուս Էքերոթին (4-2), Ղազախ Պակտաթ Սապասին (9-1) եւ իրանցի Նիշանթ Նիշանթին (3-2):
87 քկ կշիռի մրցումներուն, Ռուբէն Գէորգեան եւ 130 քկ կշիռի Արամայիկ Յարութիւնեան իրենց պրոնզի մետալի մրցումները պարտութեամբ աւարտած էին յաջորդաբար Ղազախստանի եւ Խըրխըզիստանի մրցակիցներէն:
60 քկ տղոց պրոնզէ մետալի մրցումին, Ռուսիան ներկայացնող Փափիկ Ճաւատեան 2-0 արդիւնքով յաղթած էր ազրպէյճանցի Թուրալ Ահմատովին:
67 քկ կշիռի մրցումներուն այլ ռուսահայ մը` Հրայր Յովհաննէսեան 9-0 արդիւնքով յաղթած է վրացի Ռաթի Խոզրեւանիծէին եւ շահած պրոնզ մետալ:
67 քկ կշիռի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գասպար Տէրտէրեան քառորդ աւարտականին պարտութիւն կրած էր ճափոնցի Քոճիրօ Հասեկաուայի դէմ մրցումին: