Հայաստանի ազգային խումբի եւ Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան խօսած է Էտկար Սեւիկեանի Լոքոմոթիւ տեղափոխուելու հաւանականութեան մասին:
«Ես հետը չխօսեցայ: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ ան խաղայ: Ես անոր հետ ընկերական յարաբերութիւններ ունիմ: Յոյսով եմ, որ ան իր յարմար տարբերակը կը գտնէ», ըսաւ Սփերձեան:
Աւելի առաջ, մամլոյ մէջ լուրեր տարածուած էին, թէ Լոքոմոթիւ մտադիր է ձեռք ձգել Հունգարիոյ, Ֆերեք վարող խումբի Սեւիկեանը: