Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 6, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած են. «Այն Թինէն յառաջիկայ օրերուն նախագահի ընտրութեան թղթածրարին մէջ տեղաշարժի վերաբերեալ դրական նշաններ ստացած է»:

«Այդ շարժումին քայլերը մանրակրկիտ կերպով կը պատրաստուին` որեւէ նոր ձախողութենէ խուսափելու համար», աւելցուցած են աղբիւրները:

– «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, յղում կատարելով աղբիւրներու, կը գրէ. «Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակը կախարդական գաւազան չունի, ինչպէս նաեւ նախագահի ընտրութեան խնդիրը լուծելու պատրաստ ծրագիր չունի»:

– ՍԵՓԱԿԱՆ վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքան ուրբաթ, 20 սեպտեմբեր 2024-ին իր բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ ընդհանուր ժողովի հրաւիրեց` սենտիքան լիազօրելու համար, որպէսզի աշխատանքի լծուի պաշտպանելու համար ուսուցիչներու փոխհատուցումներն ու հանգստեան թոշակները, «որոնք չափազանց կարեւոր են», որովհետեւ ուսուցիչներու աշխատանքային կեանքին արդիւնքը պիտի կորսուի, եթէ կառավարութիւնը չընդառաջէ փոխհատուցման սնտուկին նոր վարչութիւն նշանակելու եւ ուսուցիչներուն փոխհատուցումները պահպանելու ու անոնց արժէքը աստիճանաբար վերականգնելու պահանջներուն:

– ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն, անդրադառնալով Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէի ձերբակալման, նշեց. «Արդարադատութեան խօսքը կ՛ըլլայ, երբ վճիռ կ՛արձակուի, եւ ոչ թէ անկէ առաջ, եւ մենք այդ «խօսք»-ին կը սպասենք, որպէսզի մեր խօսքը ըսենք»:

– ՊԵՏԱԿԱՆ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պէյրութի մէջ առաջին դատախազ, դատաւոր Պիլալ Հալաուէ հարցաքննած է լիբանանեան բանակի հետախուզութեան նախկին երկու տնօրէններ Ռոպեր Ֆատելն ու Քամիլ Տահերը` անոնց դէմ ներկայացուած ապօրինի հարստացման դատական հայցի ծիրին մէջ:

Դատախազը հետաքննութենէն ետք որոշած է հետագայ նիստի կանչելու համար զանոնք ազատ արձակել` երկրէն չհեռանալու պայմանով:

– ԻՍՐԱՅԷԼԻ ելեւմուտքի նախարար, ծայրայեղ աջակողմեան Պեցալել Սմոթրիչի համաձայն, «հիւսիսային ճակատի վրայ պատերազմ պիտի ըլլայ, եւ անիկա իր գինը պիտի ունենայ եւ բարդ պիտի ըլլայ, սակայն այլընտրանք չկայ»:

– ԵՐԷԿ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ընթացք առաւ ՖԵՆԱՍՈԼ-ի եւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ վարիչներու սենտիքայի հիմնադիր յանձնախումբին կոչ ուղղած նստացոյցը:

Բեռնակառքերու վարիչները բաց նստացոյցի ձեռնարկելով փակեցին նաւահանգիստին թիւ 9 եւ 14 մուտքերը` բողոքելով իրենց ամսականները 800 տոլարի բարձրացնելու, փոխադրածախս վճարելու  ընդհանուր ապահովագրութեան ճամբով առողջապահական ապահովագրութիւն ապահովելու եւ վարիչներուն ու անոնց ընտանիքներուն ապահովագրութեան տարողութիւնը մեծցնելու իրենց պահանջներուն անտեսման դէմ:

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Աշոտ Խաչատրեան` Արծաթէ Մետալակիր

Յաջորդը

Աշքար. «Տեղեակ Չեմ, Թէ Հալապին Հրաժարելու Մտադրութիւն Ունի»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?