Սուսերամարտի Ողիմպիականի 2 անգամ ոսկի մետալ շահած, (2.16) 2 անգամ աշխարհի ախոյեան, 6 անգամ Եւրոպայի ախոյեան Եանա Էկորեան, որ Ռուսիան կը ներկայացնէ, յայտնեց, որ չի կրնար չէզոք կարգավիճակ ստանալ միջազգային մրցաշարքերու մասնակցելու համար:
«Այս պահուն արձակուրդ եմ, իմ գործերովս կը զբաղիմ: Տակաւին չեմ կրնար 100 տոկոսով ըսել, թէ ի՛նչ ձեւով կ՛անցնի յաջորդ մրցաշրջանը: Շատեր կը ստանան չէզոք կարգավիճակ եւ կ՛երթան մասնակցելու միջազգային մրցաշարքերու: Դժբախտաբար, ես այդ կարգավիճակէն զրկուած եմ տարբեր պատճառներով, եւ այժմ չէզոք կարգավիճակ ստանալը ինծի համար անկարելի է: Ամէն պարագայի, հեռանալու պատրաստ չեմ: Երկու շաբաթէն կը մեկնիմ Քեսլովուտսք, ուր պիտի ունենամ առաջին մարզական հաւաքս, կը պահեմ մարզավիճակս ու կը մասնակցիմ այն մրցաշարքերուն, ուր մեզ կը սպասեն: Ինչպէս կ՛ըսեն` ունինք ինչ որ ունինք», ըսաւ Էկորեան: